Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Յորդանանի գործընկերոջ հետ մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ 18 Հոկտեմբերին Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի՝ 3+3 արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։
Ֆիտան յայտնած է, որ հանդիպումին պիտի մասնակցին Իրանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։

«Պաղեստինի հարցով Յորդանանի եւ այլ միջինարեւելեան երկիրներու հետ կապի մէջ ենք, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի միջոցով կը շարունակենք տարածաշրջանի երկիրներու հետ խորհրդակցութիւնները Կովկասի մասին», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Յիշեցնենք, որ 2023-ին «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի հանդիպումը տեղի ունեցած էր Թեհրանի մէջ։