Միացեալ Նահանգներ գոհ են տեսնելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կայուն յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման գծով, ինչ որ պիտի կարգաւորէ Երեւանի եւ Պաքուի  յարաբերութիւնները: Ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ:
«Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան, որ վերջնականապէս վերջ պիտի դնէ երկարատեւ տագնապին:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը ոչ միայն պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ պիտի վերափոխէ ամբողջ շրջանը՝ ճամբայ հարթելով Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ առեւտուրի, ներդրումներու եւ կապի յաւելման համար», կը նշուի նամակին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած է, որ այն պայմաններու մէջ, երբ ՔՈՓ29 միջազգային խորհրդաժողովի վերաբերեալ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Պաքուի վրայ, Ատրպէյճան բացառիկ կարելիութիւն ունի միջազգային ընտանիքին ցոյց տալու խաղաղութեան իր յանձնառութիւնը:
«Ինչպէս գիտէք, խաղաղութեան համաձայնագիրի մնացեալ կէտերու վերջնականացումը պիտի պահանջէ ստեղծագործական մօտեցում եւ բոլոր կողմերէն փոխզիջում: Սակայն ես վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք հանդիպումները, եւ ես կոչ կ’ուղղեմ այս տարի վերջնականացնելու համաձայնագիրը:
«Կ’ուզեմ յանձնառութիւնս յայտնել՝ աջակցելու այս հարցին: Իմ վարչակազմս հաւատարիմ է համարձակ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ճամբայ պիտի հարթեն դէպի խաղաղութիւն: Իմ խնդրանքովս իմ յատուկ օգնականս, Եւրոպայի գծով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրը պիտի տեղեկացնէ որոշակի քայլերու մասին, որոնք մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու, եւ պիտի պարզէ ձեր դիրքորոշումը Հայաստանի հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ:
«Յոյսով եմ, պիտի օգտուիք այս կարելիութենէն՝ շրջանին համար ընդհանուր բարգաւաճման եւ ընդհանուր բարօրութեան նոր ուղի գծելու համար», եզրափակած է Պայտըն: