Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ 29 երիտասարդներ մասնակցեցան «Գանձասար»-ի կազմակերպութեամբ երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման 4-րդ եռօրեայ խորհրդաժողովին, Քեսապ։
Նախքան խորհրդաժողովի բացումը, մասնակիցները այցելեցին վերանորոգուած Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ ներկայ եղան Ս. եւ անմահ պատարագին։
Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ին։
Առաջին նիստին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց «Լրագրութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը» նիւթը, անդրադառնալով լրագրութեան մէջ բարոյագիտական սկզբունքներուն, լրագրողի պարկեշտութեան, պատերազմական օրերուն, թէ բարեսիրական աշխատանքներու ընթացքին լուրերու եւ լուսանկարներու ներկայացման ճիշդ եւ սխալ ձեւերուն։ Ապա պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն։
Բ. նիստով «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ներկայացուց «Թղթակցութիւն եւ Յօդուածագրութիւն» նիւթը, անդրադարձաւ առարկայական լրատուութեան, լրագրական հետաքննութեան եւ թղթակցութեան ձեւին ու ոճին, ապա բացատրեց յօդուածագրութեան տեսակներն ու իւրաքանչիւրէն օրինակ մը բերաւ։ Այնուհետեւ զրոյց ընթացաւ քննադատական յօդուածներու կարեւորութեան շուրջ։
Գ. Նիստով վերոյիշեալ դասախօսները ներկայացուցին հայերէնի կէտադրութեան օրէնքները, որմէ ետք մասնակիցները վարժութիւններ լուծեցին։
Խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի 7 եւ 8 Հոկտեմբերին։