«Գանձասար»-ի կազմակերպած Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան օրակարգը սկսաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Շողիկ Աշըգեանի «Քննական մտածողութիւնը հրապարակացրութեան մէջ» նիւթով։
Աշըգեան շեշտեց, որ յօդուածները կամ լրագրութիւնը ընդհանրապէս պէտք է ունենան քննական բնոյթ։ Ապա յայտնեց, թէ քննական մտածողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ են՝ գիտելիք, տեղեկութիւն, գնահատում, համադրում եւ վերլուծում։
Աշըգեան որպէս քննական մտածողութեան եզակի օրինակ լուսարձակի տակ առաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի Միտքերը» գիրքը եւ մէջբերումներ կատարեց գիրքէն, յատկապէս անդրադառնալով ամփոխային տրամաբանութեան վերլուծման։
Դասախօսը այնուհետեւ ներկայացուց տրամաբանութեան չորս հիմնական տեսակները, որմէ ետք «Գանձասար»-ի կարգ մը խմբագրականներ վերլուծեց՝ ներկայացնելով անոնց կառոյցն ու քննական մօտեցումները։
Օրուան Բ. նիստով խորհրդաժողովի մասնակիցները ուղղուեցան Քեսապի Չալմա վայրը, ուր «Գանձասար»-ի աշխատակիցներ Համազասպ Շաքարեան, Սելա Պազարպաշեան եւ Անի Պօղիկեան վարեցին զրոյց մը «Առցանց հարթակներու օգտագործումը մեր միութիւններուն կողմէ» խորագրով։
Անոնք նախ ներկայացուցին զրոյցին նպատակը, որն էր քննել, թէ մեր միութիւնները որքանո՞վ կը յաջողին առցանց հարթակներէ օգտուիլ եւ քարոզչական թէ դաստիարակչական իրենց նպատակներուն ծառայեցնել զանոնք։ Զրուցավարները այս նիւթը քննարկեցին խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ, ապա կազմուեցան աշխատանքային խմբակներ, որոնք մասնակիցներու կարծիքներն ու առաջարկները ամփոփեցին ու բանաձեւեցին։