Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդին, Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2024-ին, քուէթահայ բարերար Կիրակոս
Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական
մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր
եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս:
Յիշեալ նախաձեռնութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն
Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ.
Վարչութեան անդամներ՝ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան եւ
Արմէն Գասպարեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ
Էքմէքճեան-Րէիսեան, Ճեմարանի երկրորդական կարգի տեսուչ Ներսէս
Պարսումեան, տէր եւ տիկ. ճարտարապետ Կարպիս Մինասեան, մրցանակին արժանացող ուսանողներն ու իրենց ծնողները։
Մրցանակաբաշխութեան յայտագիրը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»-ով:
Բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան յայտնելով, որ 2017-2018 տարեշրջանէն սկսեալ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի
կողմէ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը կը շնորհուի հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն
առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողներուն։ Մրցանակ մը, որ ներկայ դարու գիտութեան եւ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումներու լոյսին տակ, կը միտի մրցակութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծել հալէպահայ ուսանողութեան մօտ, անոնց մղելով գիտական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ առաւել աշխատանքով
նոր նուաճումներ ձեռք բերելու:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար պրն. Կիրակոս
Գույումճեանին, որ անընդմիջաբար կը շարունակէ քաջալերել եւ հայ
ուսեալ տարրը յառաջ մղել գիտական նոր մակարդակներ նուաճելու:
Գեղարուեստական յայտագիրով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 12-րդ
կարգի շրջանաւարտ Արինա Պօշկէզէնեան տպաւորիչ կերպով ասմունքեց
Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» բանաստեղծութիւնը:
Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ Անի Գալտընեան ընթերցեց
«Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի հիմնադիր եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը, ուղղուած՝ 2023-2024
տարեշրջանի մրցանակակիր ուսանողներուն։ Բարերարը կ՚ըսէ. «Շրջանաւարտ ըլլալով երկրորդական վարժարանէ, դուք պիտի բացուիք
գիտական տարբեր ոլորտներու, նուաճել պիտի ջանաք նոր մակարդակ, ու
ձեր նուաճումները պիտի ծառայեցնէք ինչպէս ձեր անձի, կեանքի, ընտանիքի յառաջացման, այնպէս ալ ձեր համայնքի, ազգի ու հայրենիքի
զարգացման, որպէսզի կարենաք կացութիւններ փոխել եւ նորութիւն բերել»։
Ան շրջանաւարտներուն կը պատուիրէ, որ գիտութեան կողքին, ջանք թափեն
պահելու ու կիրարկելու մայրենի լեզուն, կարդալ հայ գրականութիւն,
առնչուիլ հայ մշակոյթին ու եկեղեցւոյ, որովհետեւ ինքնութեան
պահպանման խարիսխներն են, միեւնոյն ժամանակ հոգեկան աշխարհը հարստացնող անփոխարինելի գանձեր են անոնք:
Պարոն Կիրակոս կ՚աւելցնէ, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Մարդուժի Տարի» հռչակուած տարուան մէջ հայկական վարժարանները
մեծ դեր ունին կատարելիք մարդուժի պատրաստութեան համար, որուն փաստը՝ այսօրուան
շրջանաւարտներուն գերազանց գնահատականով երկրորդականի կարգը
աւարտելն է։
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Առաջնորդ սրբազան հօր, որ
միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ աշակերտութեան եւ ամէն ջանք կը թափէ պահպանելու եւ զարգացնելու Ազգային վարժարանները։ Ապա նաեւ կը շնորհաւորէ շրջանաւարտները, անոնց ծնողները, հայկական
վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը։
Այնուհետեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը ապահոված Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հետեւեալ երեք շրջանաւարտները՝
Ա. Արէն Խրոյեան 2875/2900
Բ. Յովիկ Տաղտաղլեան 2858/2900
Գ. Մայք Գեւոյեան 2834/2900
Այս առիթով մրցանակակիրները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերն ու անկեղծ զգացումները արտայայտեցին ներկաներուն դիմաց: Անոնք
շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական կարգ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան հետամուտ եղած ուսուցչական կազմին, յատկապէս Ազգ.
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ կրթական մշակներուն: Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ սրբազան հօր, որ պետական քննութիւններու նախօրեակին աղօթքով օրհնեց եւ
յորդորեց ուսանողները: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հոգատար ծնողներուն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական խօսքը ուղղելով մրցանակակիրներուն, յայտնեց, որ ներքնապէս ուրախ մթնոլորտի մէջ կը
կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը եւ մեր մեծ հայրապետ Ս. Ներսէս
Շնորհալիի շունչին եւ ոգեղէն ներկայութեան
երախտագիտութիւն կը յայտնէ նախ եւ առաջ Աստուծոյ, Անոր պարգեւած բարիքներուն եւ շնորհքներուն համար, որոնցմով կ’ապրինք, կը զարգանանք եւ մեր ներդրումը կը բերենք մեր շրջապատէն ներս:
Սրբազան Հայրը գնահատեց մրցանակակիր ուսանողները իրենց ունեցած անկեղծ արտայայտութիւններուն համար, որոնց ընդմէջէն անոնք
երախտապարտ գտնուեցան բոլոր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք իրենց զարգացումին եւ աճումին համար ծառայութիւն մատուցած են: Ան մրցանակակիրներուն եւ անոնց ճամբով հալէպահայ
վարժարաններու բոլոր շրջանաւարտներուն կրթական ոլորտէն ներս պայծառ ապագայ եւ իրենց ընտրած մասնագիտութիւններուն մէջ յաջողութիւն մաղթեց, որպէսզի գալիք տարիներուն որպէս մէկ ամբողջութիւն կազմեն ապագայի մեր ոյժը եւ
իրենց ծառայութեան լուման բերեն այն տարածքներուն մէջ, ուր պարտականութեան կը կանչուին:
Մակար սրբազան բարձրօրէն գնահատեց մրցանակաբաշխութեան
հիմնադիր քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ ո՛չ միայն տագնապելու, թէ ի՞նչ կերպ կրնայ իր ներդրումը բերել, այլ նաեւ իր նիւթական օժանդակութեամբ խթան հանդիսացաւ, քաջալերեց եւ մրցակցութեան ոգի ստեղծեց աշակերտներուն մէջ՝ բոլոր ուսանողները այդ մակարդակին բարձրացնելու եւ ոյժ հանդիսանալու: Ան աղօթեց, որ Ամենակալը երկար եւ առողջ կեանք պարգեւէ պարոն Կիրակոսին, որպէսզի երկա՜ր տարիներ շարունակէ
մրցանակի տուչութիւնը եւ մրցակցութեան ոգին վառ պահէ հայ ուսանողներուն մօտ՝ նոր գագաթներ նուաճելու:
Սրբազան Հայրը գնահատեց ծնողները, որոնք ճիգ ու ջանք չխնայեցին իրենց զաւակներուն հոգեւոր եւ իմացական դաստիարակութեան համար:
Ան յայտնեց , թէ Ազգային Իշխանութիւնը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդը տագնապի տարիներուն կը փորձեն իրենց կարելին ընել ծնողներուն բեռը թեթեւցնելու համար: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը գնահատեց հալէպահայ վարժարաններու խնամակալութիւնները,
հոգաբարձութիւնները, տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը, յատկապէս
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ
ուսուցչական կազմը, որոնց ջանքերով երեք շրջանաւարտներ մրցանակին
արժանացան:
Մակար սրբազան մաղթեց, որ Ամենակալը իմաստութիւն պարգեւէ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնողներուն, որպէսզի ճիշդ որոշումներ կայացնելով կեանքը վերադառնայ իր խաղաղ վիճակին, ապրինք, ստեղծագործենք եւ մեր ներդրումը բերենք մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին, ծննդավայր Սուրիոյ, մեր ընկերութեան եւ ընդհանրապէս
մարդկութեան զարգացման եւ հզօրացման:
Մրցանակաբաշխութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին, յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։