Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2024-ին Օմանի Մասքաթ մայրաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ բանաւոր պատմագրութեան միջազգային խորհրդաժողովը, կազմակերպութեամբ սուրիական «Ուասիքէթ Ուաթան» հաստատութեան եւ օմանեան փաստաթուղթերու եւ Արխիւներու Խորհուրդին:
Մասքաթի «Կրանտ Միլինիոմ» պանդոկի ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցած խորհրդաժողովին բացումը հովանաւորեց Մասքաթի նահանգապետ Սաաուտ Պորսաաիտի:
«Բանաւոր Պատմագրութեան Միջազգային Խորհրդաժողով… Արաբական Գաղափարն Ու Փոռձարութիւնը» վերնագիրով գումարուած խորհրդաժողովը ընդգրկեց արաբական եւ միջազգային երկիրներէ շուրջ 300 պատմագէտներ եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Յիշենք, որ խորհրդաժողովը օմանեան ազգային փաստատուղթերու եւ արխիւներու խորհուրդին հիմնադրութենէն ի վեր կազմակերպած ամենամեծ ժողովը կը համարուի:
Սուրիական պատուիրակութիւնը նախագահեց «Ուասիքէթ Ուաթան» հաստատութեան քարտուղարութեան խորհուրդի նախագահ դոկտ. Պուսայնա Շաապան: Պատուիրակութիւնը ընդգրկեց սուրիական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հետազօտներ, ինչպէս Սուրիական «Ամանէ» բարգաւաճման հասարակական կազմակերպութիւնը, Դամասկոսի պետական համալսարանը եւ մշակոյթի ու տեղեկատուութեան նախարարութիւնը:
Դոկտ. Շաապան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ պատմագրութեան ոլորտի աշխատանքներուն մէջ արաբական գործակցութեան կարեւորութեան, պահպանելու համար ազգային ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը: Ան շեշտեց, որ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը ամենամեծ փաստն է արաբական ազգային ինքնութիւնը ոչնչացնելու փորձերուն:
Եռօրեայ խորհրդաժողովը պիտի ընդգրկէ դասախօսութիւններ՝ արաբական մակարդակով բանաւոր պատմագրութեան ընթացքը զարգացնեու միջոցներուն շուրջ: