Սուրիոյ Աշխատանքային եւ Ընկերային Ծառայութեան Հարցերու Նախարարութիւնը Հոմսի, Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ մէջ իրեն ենթակայ տնօրէններու հետ ժողով մը գումարեց՝ Սուրիա ժամանող Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին ընդունելութեան նախապատրաստուելու համար:

Ժողովին ընթացքին Նախարարութիւնը ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ծառայութիւններ տրամադրելու նախապատրաստութիւնները:

Իր կարգին Սուրիոյ աշխատանքային եւ ընկերային ծառայութեան նախարարուհի երկրչփ. Սամար Սպէհի ժողովի ընթացքին շեշտեց նախարարութեան ենթակայ տնօրէնութիւններուն պատրաստակամութիւնը Սուրիա ժամանող Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին ընդունելու համար: Սպէհի կարեւոր համարեց բոլոր պատկան կողմերուն հետ աշխատանքի համադրումը՝ ամբողջական ծառայութիւն տրամադրելու Սուրիա ժամանողներուն: