Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին դէմ իսրայէլի գրոհը, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր նահատակներ եւ հազարաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան: Սուրիա շեշտեց, որ նման ոճիրներ չէին իրականանար առանց ԱՄՆ-ի հովանաւորութեան եւ զօրակցութեան:

Այս առիթով, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ աննախընթաց կերպով կը շարունակէ Լիբանանի անմեղ քաղաքացիներուն դէմ օրական ոճիրներ գործել եւ սպանդ իրագործել:

Երեքշաբթի առաւօտեան ժամերէն իսրայէլեան հրթիռները եւ պատերազմական օդանաւերը կը հրթիռակոծեն Լիբանանի հարաւային շրջանի բնակարանային շէնքերը, շտապ օգնութեան փոխադրակառքերը, բժշկական կեդրոններն ու քաղաքացիներու ինքնաշարժները: Հրթիռակոծման հետեւանքով հարիւրաւոր նահատակներ արձանագրուեցան, անոնց մեծամասնութիւնը փոքրիկներ եւ կիներ են, աւելի քան հազար քաղաքացիներ վիրաւորուեցան: Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի մղած անմարդկային գրոհը եւ կը շեշտէ, որ նման ոճիրներ պէտք է դատապարտուին ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ: Սուրիոյ Հանրապետութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, հաստատելով, որ Լիբանանեան Դիմադրութիւնը պարտութեան չի ենթարկուիր եւ իր պայքարի իր ուղղիէն չի հրաժարիր»:

Նախարրաութիւնը եզրափակելով զգուշացուց Իսրայէլը իրավիճակը սաստկացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան շրջանակը ընդլայնելու հետեւանքներէն: