Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ին Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան շարժումին բազմահազարանոց հաւաքը, որուն նպատակը վճռական պայքարի սկիզբը յայտարարելն էր:
Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով: Տէրունական աղօթք եւ օրհնութեան խօսք արտասանեց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Բագրատ Արք. Գալստանեան:
Հաւաքին ցուցադրուեցաւ ֆիլմ՝ Սրբազան պայքարի նախորդ ամիսներուն կազմակերպած գործողութիւններուն մասին։
ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան դիմելով հաւաքի մասնակիցներուն ըսաւ. «Մեր կռիւը կը մղենք, մեր վրայ մահակներ կը կիրառեն, նռնակներ կը նետեն, բայց դուք աննահանջ կը կռուիք մինչեւ վերջ: Ու կ’ուզեմ ըսել, որ պայքարը չէ աւարտած եւ հիմա կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք ու պիտի հասնինք յաղթական աւարտին, որովհետեւ դուք ոչ մէկէն կը վախնաք։ Ո՛չ թշնամին, ո՛չ այս իշխանութիւնները կրնան մեզ ետ մղել մեր իղձերէն ու նպատակներէն»։
Գառնիկ Դանիէլեան դիմեց դահլիճի մէջ ներկայ արցախցիներուն. «Ես կ’ուզեմ մեր արցախցի քոյրերուն ու եղբայրներուն ըսել, որ իրենք այստեղ հիւր չեն, որ սա իրենց տունն է, մեր բոլորի հայրենիքն է եւ այս ապազգային իշխանութիւններուն վռնտելէն վերջ մենք պիտի վերադառնանք մեր Արցախ, պիտի վերադառնանք մեր տուները»։
Հաւաքին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ՝ Նիկոլ Փաշինեանի սուտերուն եւ անկատար խոստումներուն մասին:
Ելոյթ ունեցան 44-օրեայ պատերազմի հերոս Մխիթար Գալէեանի մայր՝ Աստղիկ Գալէեան, Genesis Armenia ուղեղային կեդրոնի հիմնադիր Աբրահամ Գասպարեան եւ արցախցի Արեգա Յովսէփեան:
Հաւաքի աւարտին Բագրատ սրբազան յայտարարեց. «Մեր պայքարի աշխոյժ շրջանը կը վերսկսինք, 2 Հոկտեմբերին՝
ժամը 18։30-ին պիտի հաւաքուինք Հանրապետութեան հրապարակ: Կը մտնենք պայքարի ներգործօն եւ հետեւողական փուլ, յամառ, աննահանջ, համբերատար պայքարի փուլ, յաղթանակով երաշխաւորուած։ Բոլոր անյաջողութիւնները, թերացումներն ու սխալները իմն են, բացառապէս իմը, իսկ յաղթանակը՝ ձերը եւ միայն ձերը»։
Հաւաքէն ետք, Բագրատ սրբազան աջակիցներուն հետ երթով ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու անմեղ զոհերուն յիշատակը։
«Կոչ կ’ուղղենք Ծիծեռնակաբերդ այցելելու եւ ուխտելու, որ այս պայքարին մէջ անդաւաճան պիտի մնանք», ըսաւ ան։