Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մասին
Հայաստանի կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով երկու երկիրներու յանձնաժողովներու միատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը (այսուհետ՝ Կանոնակարգ)՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու համար։

Անհրաժեշտ է ընդգծել․
1. Որպէս պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի հիմնարար սկզբունք յայտարարուած 1991 թ․ Ալմա Աթայի հռչակագիրը չի նկարագրեր ԱՊՀ-ին անդամակցող երկիրներու սահմանները, չի պարունակեր Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու վարչական սահմաններուն վերաբերող որեւէ յղում: Իբրեւ փաստարկ բերուող այն հանգամանքը, որ սոյն հռչակագիրով կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, էական չէ, քանի որ այս սկզբունքը ամրագրուած է թէ ՄԱԿ կանոնադրութեան, թէ ԵԱՀԿ Հելսինքիի եզրափակիչ շարժումին եւ այլ միջազգային հիմնարար իրաւական փաստաթուղթերուն ։էջ, որոնց կողմ կը հանդիսանան Հայաստանն ու Ատրպէյճանը: Սակայն այս պարտաւորութեան ստանձնումը որեւէ ձեւով չէ կաշկանդած Ատրպէյճանին ներխուժել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք: Հետեւաբար, Ալմա Աթայի հռչակագիրի յիշատակումը որեւէ ձեւով չի զսպեր ատրպէյճանական յարձակումը: Առաւել եւս, երբ կանոնակարգը կը նախատեսէ ապագային հիմնարար սկզբունքի փոփոխականութեան հնարաւորութիւն:

2. Կանոնակարգի մէջ առկայ են ձեւակերպումներ, որոնք էական վտանգներ կը պարունակեն Հայաստանի համար։ Մասնաւորապէս՝ սահմանի հատուածական սահմանազատումը, վէճերու լուծման կարգի բացակայութիւնը եւ այլն։

3. ՀՀ իշխանութիւնները կը պնդեն, որ սահմանազատման հիմք կը ծառայէ ԽՍՀՄ Զինեալ Ուժերու գլխաւոր շտապի 1976-78 թթ․ կազմուած եւ 1979 թ․ հերթապահութեան անցած քարտէզը, որով ուրուագծուած էին ԽՍՀՄ միութենական հանրապետութիւններու վարչական այն սահմանները, որոնք հանդիսացած են «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուան դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահման»։ Սակայն Կանոնակարգի բնաբանին մէջ այդ քարտէզին որեւէ յղում չկայ։

Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը արձանագրած է․
1. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման համար ելակէտային սահմանը, այսինքն՝ այն աշխարհագրական ուրուագիծը (սահմանը), որ կը ներպարփակէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, պէտք է յստակ սահմանուած եւ նկարագրուած ըլլայ ՀՀ օրէնսդրութեամբ։ Սահմանազատման հետեւանքով այդ ուրուագիծի փոփոխութիւնը ենթակայ է հաստատման հանրաքուէի միջոցով։ Հակառակ պարագային Կանոնակարգը ենթակայ է հանրաքուէով հաստատման:

2. Սահմանազատման հիմնարար սկզբունքները պէտք է գործեն սահմանի իւրաքանչիւր հատուածի համար։ Այլապէս՝ սահմանի իւրաքանչիւր հատուածին մէջ Ատրպէյճանը կրնայ պարտադրել այնպիսի կամայական «հիմքեր», որոնք բացառապէս կը ծառայեն ատրպէյճանական շահերուն։

3. Սահմանազատման ժամանակ պէտք է գործէ «ոչինչ համաձայնուաած է, եթէ ամէն ինչ համաձայնուած չէ սկզբունքը»։ Այսինքն՝ որեւէ հատուածի սահմանազատում չի կրնար վերջնական համարուիլ, քանի տակաւին չէ նկարագրուած ամբողջ սահմանը:

4. Սահմանազատման գործընթացի արհեստական ձգձգումը, սահմանազատման շուրջ եղած տարաձայնութիւնները որպէս պատերազմի պատճառ օգտագործելը բացառելու նպատակով՝ յստակօրէն պէտք է նշուի, թե ինչպէս պիտի կարգաւորուի սահմանազատման գործընթացին մէջ յառաջացած սահմանային վէճերը։

5. Կանոնակարգը կ’անտեսէ Ատրպէյճանի շահերէն չբխող միջազգային լաւագոյն փորձը, կ’անտեսուին այն իրաւական հիմքերը, որոնք կ’ամրագրեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային շահերը: Կանոնակարգը հիմքեր կը ստեղծէ յետագայ միակողմանի զիջումներու համար:
Առ այդ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հակասահմանադրական կը համարէ նման փաստթուղթի գոյութիւնը, եւ հետեւաբար անիկա ենթակայ չէ Ազգային ժողովի կողմէն ընդունման:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին