21 Սեպտեմբերին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ասիկա մեր վերջին տարիներու մեծագոյն տօնն է, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը՝ 33 տարի առաջ: «ՀՅԴ-ին համար անկախ պետականութիւնը բարձրագոյն արժէք է, որ ամէն գնով պէտք է պահպանել: Այդ անկախութեան նախաշեմին արցախեան գոյամարտն էր, այսօր Արցախը հայաթափուած է, բայց ասիկա չենք դիտարկեր իբրեւ վերջնական իրադարձութիւն: Այդ 33 տարիներուն մենք կարողացանք ստեղծել բաւականին լուրջ պետականութիւն, ազգային արժէքները վերադարձան հայրենիք, առաջին տարիներուն ստեղծուեցաւ հզօր բանակ, ունեցանք արցախեան գոյամարտի յաջող ելք եւ Հայաստանը միջազգային հարթակներու վրայ ունէր բաւականին լուրջ արժէք: Վերջին տարիներուն կացութիւնը փոխուեցաւ այս յանձնուողական եւ պարտուողական քաղաքականութեան պատճառով», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօ՞ք Հայաստանի իշխանութիւններուն հակահայ քաղաքականութիւնը կը դժուարացնէ Հայ Դատի գրասենեակներուն, ՀՅԴ կառոյցներուն գործունէութիւնն ու աշխատանքները, որոնք միտուած են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան՝ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Մեր բարեկամ երկիրներուն մէջ, երբ աշխատանք կը տանիս եւ կը ներկայացնես հայկական պահանջներ, կ’ըսեն՝ ձեր իշխանութիւնները նման պահանջ չեն դներ: Օրինակ, մեզի համար այսօր առաջնահերթութիւն է Հայ դատի օրակարգին վրայ ունենալ Արցախի կարգավիճակի, արցախցիներու վերադարձի, Պաքուի բանտերէն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման խնդիրները, ասոնք չլուծուած հարցեր են, բայց անընդունելին այն է, որ Հայաստան լուռ կը մնայ, եւ այդ լռութիւնը մեր մօտ շփոթ կը յառաջացնէ: Մեր պահանջը այն է, որ մենք, իբրեւ համայնք, առաջնային խնդիրի լուծումը տանք Արցախին վերաբերող բոլոր կէտերուն»:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին ըսաւ, որ  Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն իր ամբողջ էութեամբ հայրենասիրութեան հետ կապ չունի, այլ նաեւ կը փորձէ վարկաբեկել, հեղինակազրկել, նաեւ՝ հայ ժողովուրդին ու հայոց պետականութեան ազատագրութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսները:
Ան դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան իր պարտութիւնները արդարացնելու, դաւաճանութիւնները քողարկելու նպատակով պատրաստ է որեւէ պղծութեան՝ պահպանելու իր իշխանութիւնը եւ շրջապատին բարեկեցութիւնը ապահովելու համար:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք չէ հրաժարի սփիւռքի եւ Արցախի գաղափարէն:
«Ե՛ւ արցախցիները, սփիւռքահայերը, ե՛ւ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է իսկապէս միանան Հայաստանի անկախութեան հզօրացման գաղափարին շուրջ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ 21 Սեպտեմբերը շատ կարեւոր օր է, եւ մենք պէտք է զօրավիգ կանգնենք անկախութեան գաղափարին:
Ըստ Մուրատեանի, անկախութիւնը պէտք է բոլորը հաւաքէ, համահայկական գաղափար դառնայ եւ սփիւռքը, Արցախն ու Հայաստանը վերամիանան իբրեւ իրականութիւն, իբրեւ գաղափար եւ իբրեւ ապագայի սկզբունք:
«Մենք պէտք է համոզենք Հայաստանի ժողովուրդը, որ միայն ազգի գաղափարը կրնայ փրկել երկիրը եւ կրնայ հզօրացնել Հայաստանն ու հայրենիքը», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեանի համաձայն, պէտք է պայքարիլ բոլոր այն իրողութիւններուն դէմ, որոնք կը տկարացնեն Հայաստանը, հայ ազգը: