Նիւ Եորք գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ամերիկեան վերլուծաբան կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, դիտել տալով որ Ատրպէյճան ու Հայաստան բացառիկ կարելիութիւն ձեռք բերած են Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։
Անոր համաձայն, Թուրքիոյ սկզբունքային դիրքորոշումն է նպաստել տարաձայնութիւններու վերացման, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման, իսկ Թուրքիա անսասան կը համարէ պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերուն նկատմամբ յարգանքը։