Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին առիթով հանդէս եկած է յատուկ յայտարարութեամբ։ Վերջին շրջանին Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը պաշտօնական աշխոյժ հաղորդակցութեան մէջ էր նախարար Ժոլիի հետ։ Յայտարարութեան մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները լիովին կը համապատասխանեն Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը ներկայացուցած է Ժոլիի յայտարարութիւնը, ուր ըսուած է․«Անցեալ շաբաթ լրացաւ մէկ տարին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութեան, այնտեղ, ուր դարեր շարունակ բնիկ հայեր ապրած են: Այս գործողութեան հետևանքները ծանր էին, անոր հետեւանքով աւելի քան 100․000 խաղաղ բնակիչներ, այդ կարգին՝ 30․000 երեխաներ, բռնի տեղահանուեցան Հայաստան՝ երկրէն ներս յառաջացնելով մարդասիրական կարիքներու աճ։Ատրպէյճանի կողմէ չարդարացուած ռազմական գործողութեան նախորդած էր Լաչինի միջանցքով մարդասիրական ապրանքներու անցումի իննամսեայ շրջափակումը, ինչ որ խախտում էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ժամանակաւոր միջոցի կիրառման մասին որոշումին։ Քանատան կը զօրակցի այս ճգնաժամէն տուժած մարդոց եւ երախտապարտ է Հայաստանին իր դռները բացած ըլլալուն համար։
«Քանատա կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանին ազատ արձակելու իր կողմէ կամայականօրէն ձերբակալուած բոլոր հայերը եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը։
Քանատա կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային, քաղաքական լուծման, ուժի բացառման, տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքներուն և ինքնորոշման իրաւունքին՝ այս տարածաշրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն ընթացքին։ Այս բոլորը կ՛ենթադրեն հայ խաղաղ բնակչութեան վերադարձի անվտանգ եւ արժանապատիւ իրաւունքը, կ՛երաշխաւորեն մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական կենսամիջոցներու պաշտպանութիւնը եւ տարածքին մէջ հայկական մշակութային ու պատմական վայրերու պահպանումը»:
«Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները Քանատայի ինչպէս գործադիր, այնպէս ալ օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցյիչներուն հետ՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի ներկայ փուլին շուրջ քանատական կողմի առարկայական դիրքորոշումները պահպանելու եւ զարգացնելու համար», ըսուած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։