Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը հայ-ղազախական յարաբերութիւններու ամրապնդման գծով: Այդ մասին ըսուած է Թոքաեւի`Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով Նիկոլ Փաշինեանին յղած ուղերձին մէջ։
Ղազախստանի նախագահը յայտնած է, որ Հայաստան մեծ յաջողութիւններու հասած է պետականաշինութեան, քաղաքացիներու բարեկեցութեան ապահովման եւ միջազգային հեղինակութեան ամրապնդման իմաստով։
Ան Հայաստանի ժողովուրդին մաղթած է բարեկեցութիւն եւ յառաջընթաց: