ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայաստանի Անկախութեան օրուան առիթով:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անունով կը շնորհաւորեմ եւ ջերմ բարեմաղթանքներ կը յղեմ Հայաստանի ժողովուրդին՝ Անկախութեան 34-րդ տարեդարձին առիթով: Որպէս Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ հպարտ է, որ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին, որ դառնայ մեր ժողովրդավարական համայնքի բարգաւաճ անդամ:
Աշխատելով Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ՝ Հայաստան ստեղծած է ներառական տնտեսութիւն, որ աւելի ու աւելի սերտօրէն կապուած է աշխարհի հետ: Վերջին 10 տարուան մէջ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի ծաւալը մօտաւոր երկու անգամ աճած է: Մենք կ’աշխատինք Հայաստան գործուն մատակարարումներու փոխանցման եւ անոր ժողովուրդի ու տարածաշրջանի գործուն անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։
Մարդոց միջեւ կապերը, որոնք մեր յարաբերութիւններու հիմքն են, կը շարունակեն աճիլ եւ ամրապնդուիլ Միացեալ Նահանգներու ու ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական մեծաթիւ սփիւռքին շնորհիւ։ Միասին աշխատելով՝ մենք կրնանք աւելի մեծ բարգաւաճման հասնիլ մեր ժողովուրդներու եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի համար՝ Հարաւային Կովկասը դարձնելով աւելի փոխկապակցուած, կայուն եւ անվտանգ:
Այս նշանակալի օրը Միացեալ Նահանգներ անդրդուելի է հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու համար:
Մենք կը յարգենք լուրջ մարտահրաւէրներու ժամանակ հաշուետու կառավարման եւ օրէնքի գերակայութեան Հայաստանի յանձնառութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել յարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ»: