Նախնական տուեալներով 5 քաղաքացի, ներառեալ մանուկներ, նահատակուեցան, 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի հարաւային շրջանի բնակարաններէն մէկուն հրթիռակոծման հետեւանքով։

Լիբանանեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ իսրայէլեան հրաձիգներ մէկէ աւելի հրթիռներով թիրախ դարձուցին Պէյրութի հարաւային շրջանի Մուքթազ փողոցը, որուն հետեւանքով բնակելի շէնք մը փուլ եկաւ, 5 քաղաքացի նահատակուեցաւ, 17 ուրիշներ, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ վիրաւորուեցան, որոնց կողքին շրջանին մէջ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։