Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2024-ի «27» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն համաներում կը շնորհուի բոլոր յանցագործութիւններուն համար, որոնք կատարուած են նախքան 22 Սեպտեմբեր 2024-ը:

Հրամանագիրը համաներում կը շնորհէ ներքին եւ արտաքին այն փախստականներուն, որոնց պատիժը սահմանուած է զինուորական քրէական օրէնսգիրքով:

Հրամանագիրը չի ներառեր անոնք, որոնք արդարադատութենէ փախուստ տուած են, բացի այն պարագաներէն, որոնք իրենք զիրենք կը յանձնեն՝ ներքին փախստականներու պարագային 3 ամսուան ընթացքին, իսկ արտաքին փախստականներու պարագային 4 ամսուան ընթացքին։

Հրամանագիրը չի ներառեր շէնքերու վերահսկողութեան մասին օրէնքներով նախատեսուած որոշ յանցանքները, տնտեսական յանցագործութիւնները, ելեկտրական կենսուժի ապօրինի օգտագործումը եւ խարդախութեամբ հաղորդակցութեան ծառայութիւններ ձեռք բերողները։