Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ 2024-2025-ի բնակարանային օգտագործման մազութ ստանալու գրանցումը պիտի սկսի 25 Սեպտեմբերէն սկսեալ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ մազութի բաշխումը պիտի սկսի յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը: Բաշխումի գործողութեան ընթացքին նկատի պիտի առնուի իւրաքանչիւր ընտանիքի մազութ ստացած վերջին թուականը:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այլազան միջոցներու դիմած է, որպէսզի մազութը բոլոր ընտանիքներուն դիւրաւ եւ արդար ձեւով հասանելի դառնայ: