Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն Դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատը նշանակուեցաւ Հանրապետութեան փոխնախագահ։

Դոկտ. Մըքտատ լիազօրուած է Սուրիոյ նախագահի յանձնարարութիւններու շրջագիծին մէջ հետամուտ ըլլալու երկրի արտաքին եւ տեղեկատուական քաղաքականութեան կիրարկման։