Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի յանձնարարութեամբ արտաքին գործոց նախարարի լիբանանեան հարցերու խորհրդատու, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին դեսպան Ալի Ապտըլ Քարիմ ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի նախկին վարչապետ դոկտ. Սալիմ ալ-Հըսսի մահուան առիթով:

Դեսպան Ապտըլ Քարիմ նախագահ Ասատի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին, վերյիշելով անոր ազգային կեցուածքները, ժրաջան աշխատանքը եւ արաբական դատին իր զօրակցութիւնը, ուր առաջնահերթութիւն կը նկատէր Պաղեստինի եւ արաբական այլ գրաւուած հողատարածքներու ազատագրումը եւ Դիմադութեան զօրակցութիւնը:

Իր կարգին հանգուցեալին ընտանիքը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց նախագահ Ասատին՝ անոր եւ Սուրիոյ ժողովուրդին մաղթելով յաջողութիւն եւ բարգաւաճ օրեր: