Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Պաշշար ալ-Ասատի հովանաւորութեամբ, «Ասատ» Արհեստի եւ Մշակոյթի Տան մէջ նահատակներու, վիրաւորներու եւ անհետ կորածներու հարցերու տնօրէնութիւնը պարգեւատրումի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնք արձանագրած սուրիական բանակի նահատակներու, վիրաւորներու եւ անհետ կորածներու զաւակները գնահատելու:

Հանդիսութեան նախագահ Ասատը փոխարինեց սուրիական բանակի փոխհրամանատար, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար գնդապետ Ալի Մահմուտ Ապպաս:
Հանդիսութեան սկիզբը մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ Հանրապետութեան քայլերգը:

Այս առիթով գնդապետ Ապպաս շրջանաւարտներուն փոխանցեց նախագահ Ասատի շնորհաւորանքը եւ յարատեւ յաջողութեան ու յառաջդիմութեան մաղթանքը:

Այնուհետեւ շրջանաւարտներն ու իրենց պարագաները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Ասատին՝ իր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ մշտական քաջալերանքին համար, շեշտելով, որ յաջողութիւնը իրենց մեծագոյն երջանկութիւնն է, որուն հասնելով իրենց հայրերու զոհողութիւնները կ՚արժեւորուին: