Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի առաջին ժողովին ընթացքին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց:
Նախագահը նախ շնորհաւորեց նորընտիր խորհրդարանի անդամները, ապա շեշտեց, որ անոնց ընտրութիւնը ժողովուրդին վստահութեան դրսեւորումն է, որ սակայն դիւրաւ կրնայ խարխլիլ, եթէ չարդիւնաւորուի տքնաջան աշխատանքով։
Նախագահը շեշտեց, որ խորհրդարանը պետութեան կարեւորագոյն հաստատութիւնն է, որուն ազդեցութիւնը շօշափելի կը դառնայ այն ատեն միայն՝ երբ պետական բոլոր հաստատութիւններուն զարգացումը համապարփակ ձեւով ընթանայ, նկատի ունենալով անոնց սերտ յարաբերակցութիւնը: Ապա աւելցուց, որ անձեռնմխելիութիւն չի նշանակեր օրէնքի շրջանցում, ընդհակառակը․ խորհրդարանի անդամները օրէնքը առաջին կիրարկողները պիտի ըլլան, որովհետեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն հրապարակուած իւրաքանչիւր օրէնքի դիմաց։ Նախագահը նկատել տուաւ, որ հիմնարկներ վերհսկողութեան ենթակայ են, իսկ պատասխանատուներ՝ հաշուետուութեան․ երկուքն ալ պատասխանատուութիւն կը համարուին իշխանութիւն ըլլալէ առաջ։
Նախագահը հարց տուաւ, որ «Տարածաշրջանի եւ աշխարհի փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, քաղաքականութեան, ապահովութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու ձեւափոխումները նկատի ունենալով, կարելի՞ է մեր վարած քաղաքականութիւնը մշտապէս ճիշդ համարել․․․ հարկ է մերթ ընդ մերթ քննարկել զայն»։
Ապա պարզեց, որ «Ներկայ իրավիճակի փոփոխութիւնը անկարելի չէ, ինչպէս ոմանք կ՛ենթադրեն, ընդհակառակը․ կարելի է՝ պայմանաւ, որ փոխենք մեր մօտեցումները հարցերու նկատմամբ եւ աշխուժացնենք մեր հաստատութիւններուն աշխատանքը»:
Ասատ հաստատեց, որ «Սուրիան համաշխարհային հակամարտութիւններու բեմերէն մէկն է, հետեւաբար մենք ընտրութիւն պիտի կատարենք՝ ազդուելու կամ ազդելով հաւասարակշռութեան հասնելու ուղղութեանց միջեւ»։ Համաձայն նախագահին, ամբողջական հաւասարակշռութեան հասնելու համար պէտք է ջանասիրաբար աշխատիլ լուծումներ գտնելու եւ հրաժարիլ յուսահատութենէ կամ անձնատուութեան քաղաքականութենէ, մատնանշելով, որ «Առաջին լուրջ գործը մեր մտքէն պարտութիւնը արմատախիլ ընելն է… մեր պայքարը յետամնացութեան, ոմանց դասեր քաղելու անկարողութեան եւ թակարդներու մէջ իյնալու դէմ է… մեր պայքարը տգիտութեան եւ նեղմտութեան դէմ է, եթէ յաղթահարենք զանոնք, ոչ մէկ հակառակորդ կամ թշնամի կը համարձակի ներխուժել մեր տարածաշրջան»։
Ասատ յայտնեց, որ համաշխարհային ներկայ իրավիճակը բարդ է, հետեւաբար պէտք է ընդառաջենք բարդ կացութիւններու հանգուցալուծման առաջարկներուն, հակառակ բարեկամ երկիրներէ Սուրիոյ ուղղուած հարուածներուն: Ապա նկատել տուաւ, որ «Այս դիտանկիւնէն մեկնած չմերժեցինք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութեան կարգաւորման առնչուող առաջարկները, որովհետեւ լարուածութեան առկայութեամբ կը տուժէ ոչ միայն Սուրիան, այլեւ՝ Թուրքիան։ Մենք հողեր բռնագրաւող երկիր չենք, ոչ ալ ահաբեկչութեան կը զօրակցինք: Յարաբերութեան կարգաւորումը կը պահանջէ նախ եւ առաջ նշեալ յարաբերութիւնը քանդող պատճառները վերացնել։ Որեւէ բանակցային գործընթաց յաջողութեան հասնելու համար յենարանի կարիք ունի, իսկ երկու երկիրներու մակարդակով ցարդ եղած հանդիպումներուն ապարդիւն մնալու պատճառը այդ յենարանին չգոյութիւնն է։ Սուրիա կը շեշտէ, որ Թուրքիա պէտք է հեռանայ իր բռնագրաւած տարածքներէն ու դադարեցնէ աջակցութիւնը ահաբեկչութեան»։