Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ՝ յայտնելով որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Լիբանանի հարաւային արուարձանին մէջ Իսրայէլի կողմէ սուրիական ընտանիքի մը սպանութեան ոճիրը: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իսրայէլ սուրիացի ընտանիքին բնակած շէնքը դիտումնաւոր կերպով հրթիռակոծեց, որուն հետեւանքով շուրջ 20 սուրիացի եւ լիբանանցի նահատակուեցան եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ այս ոճիրը միջազգային օրէնքի խախտում եւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իրագործուած ոճրագործութիւն կը համարուի, աւելցնելով, որ Իսրայէլ այսպիսով կը սպառնայ տարածաշրջանի ապահովութեան ու խաղաղութեան:

Նախարարութիւնը եզրափակելով վերահաստատեց Սուրիոյ Հանրապետութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ Լիբանանի ժողովուրդին: