Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի պաքալորիայի պետական, աւարտական վերաքննութեանց արդիւնքները։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը 71,24%-է, իսկ գրականինը՝ 61,52%։
Նախարարութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ գիտական բաժինէն վերաքննութեանց ներկայացած է 89.496 աշակերտ-աշակերտուհի, որոնցմէ յաջողեցած է 63.757-ը։ Այսպիսով գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը, քննութեանց երկու փուլերը գումարած, եղած է 63,58%, մինչդեռ նախորդ տարուան յաջողութեան տոկոսն էր 66,34%։
Գրական բաժինէն վերաքննութեանց ներկայացած է 21.982 աշակերտ-աշակերտուհի, որոնցմէ յաջողած՝ 13.523-ը։ Այսպիսով գրական բաժինի քննութեանց երկու փուլերուն յաջողութեան ընդհ. տոկոսը եղած է 47,69%, մինչդեռ նախորդ տարուան յաջողութեան տոկոսն էր 68,69%։