Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ ընդունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Նիքարակուայի դեսպան Ռամոն Մոնկատայի հաւատարմագրերը։
Նախարար Մըքտատ ողջունեց նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան։
Ապա կողմերը խորհրդակցեցան երկու բարեկամ երկիրներու գործակցութեան շուրջ՝ շեշտելով յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։