Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2024-ին, Սուրիոյ նորընտիր խորհրդարանը օրէնսդրական չորրորդ նստաշրջանի բացման նիստը գումարեց։ Նիստը կ՝ընդգրկէր երեք օրակարգ՝ առժամեայ դիւանի ընտրութիւն, նախագահական կարգ մը հրամանագրերու ընթերցում եւ նորընտիր երեսփոխաններու երդմնակալութեան արարողութիւն։

Խորհրդարանի երիցագոյն անդամ Մուհամմէտ Խէր Տիապ ալ-Մաշի ընտրուեցաւ առժամեայ դիւանի նախագահ, իսկ կրտսերագոյն անդամներ Ապտուլ Լաթիֆ Տապուրա եւ Աֆիֆ Տալու՝ քարտուղարներ։

Մաշի յայտնեց, որ օրէնսդրական չորրորդ նստաշրջանը արգասիքն է Ընտրութիւններու Բարձրագոյն Յանձնախումբի թափանցիկ աշխատանքին եւ արտայայտութիւնն է ժողովուրդի քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան։

Այնուհետեւ Խորհրդարանի անդամները անհատ առ անհատ սահմանադրական երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցեցան։

Ժողովը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսին՝ աւարտին հասցնելու խորհրդարանի անդամներու երդմնակալութեան արարողութիւնը, ընտրելու խորհրդարանի նախագահը եւ գրասենեակի անդամները։