Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով այս տարի եւս յիշատակուեցաւ Լաթաքիոյ նահանգի շրջակայքը գտնուող հայաբնակ Արամօ գիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ուխտի օրը, Շաբաթ, 17 Օգոստոս 2024-ի վաղ առաւօտուն։ Գիւղի հաւատացեալները գլխաւորութեամբ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանին եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան, մեծ ուրախութեամբ գիւղի հրապարակին մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց իրեն ընծայուած աղն ու հացը, նաեւ օրհնեց ներկաները։ Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ սրահ, ուր գիւղի վարչութեան ատենապետ տիար Տիգրան Գազանճի բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան:
Եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջին հետ սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Սրբազան Հօր Տէրունական աղօթքով, սաղմոսերգութեամբ եւ մաղթանքով։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ թափօր, որ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Սրբազան Հայրը աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք կատարեց, ապա ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, որուն ընդմէջէն ան պարզաբանեց Աստուածամօր վերափոխման հրաշալի դրուագը եւ անոր հոգեւոր իմաստը: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուածամօր արժանիքներուն՝ սրբութեան եւ մաքրակենցաղ կեանքին, որոնցմով ան փոքր տարիքէն ապրեցաւ Տիրոջ խօսքին ներքոյ եւ արժանացաւ Տիրոջ շնորհքին, երբ Տէրը բոլոր կիներուն մէջէն զինք ընտրեց՝ դառնալու մայրը աշխարհի Փրկիչին՝ Աստուածորդւոյն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց այն մեծ եւ հրաշալի դէպքը, երբ Միածինը երկինքէն իջաւ եւ իր մօր անշնչացած դիակը վերակենդանացնելով, զայն փոխադրեց դէպի երկինք։ Սրբազան Հայրը բաղդատական մը ընելով յիշեց Տէր Յիսուսի հրաշքները՝ Նայինի պատանիին յարութիւնը եւ Յայրոսի աղջկան յարութիւնը, յայտնելով, որ անոնք յարութիւն առին, բայց տարիներ ետք դարձեալ մահացան, իսկ Աստուածամայրը՝ մահանալէն ետք արժանացաւ յարութեան եւ Տիրամօր յարութիւնն ու երկինք համբառնալը օրինակ կը հանդիսանան բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք կ’ապրին Քրիստոսով, կը ննջեն Քրիստոսով, հետեւաբար, կ’արժանանան յարութեան եւ կը դառնան երկնքի բնակիչներ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ Տիրոջ օրհնութիւնները: Ան անդրադարձաւ նաեւ խաղողօրհնէքի աւանդութեան, ըսելով, որ Տէրը Ինք կը պահանջէ հրեայ ժողովուրդէն, որ տարուան առաջին երախայրիքը՝ խաղողի ողկոյզը նուիրէ իրեն. նոյն սկզբունքին հետեւելով Հայ Եկեղեցին Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին օրը կ’օրհնէ խաղողը, որպէս գոհունակութիւն Տիրոջ՝ Իր զաւակներուն ընծայած բոլոր բարիքներուն համար։ Խաղողը Նոր Կտակարանի հասկացողութեամբ հոգեւոր պտուղն է բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք հաստատուած են որթատունկին, այսինքն՝ Քրիստոսին վրայ, Տիրոջ խօսած օրինակին համաձայն:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի ազգային երեսփոխան տիար Աւետիս Կարպուշեան եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամներ տիար Սարգիս Քէչէճեան եւ օրդ. Մարօ Սողոմոնեան, Քեսապի թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Վիգէն Լնդեան եւ Հայաստանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող համալսարանի դասախօս դոկտ. Վարուժան Գեղամեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց եւ բարձր գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանը, Արամօ գիւղի վարչութիւնը, մատաղը (հարիսան) պատրաստողները եւ դպրաց դասը։ Ան շնորհաւորեց անոնց, որոնք կը կրեն Մարիամ, Մարի, Մարօ, Տիրուհի, Իսկուհի, Թագուհի անունները: Ապա, դպրաց դասը երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը, ներկայ հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ, ապա ներկաները արձակուեցան Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ օրհնանքով:
Արամօ հայաբնակ գիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը սրահէն ներս պատրաստած էին սիրոյ սեղան։ Ընթացքին, Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց իր եւ համայն Արամօ գիւղի հայորդիներուն կողմէ, ուղղուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ներկայութեան եւ գիւղի ժողովուրդին հետ ուխտակից դառնալնուն համար:
Դպրաց դասը «Սեղանն Է Առատ» երգով ծաղկեցուց սիրոյ սեղանը, ապա Սրբազան Հօր պատուին երգեցին տիկ. Քարէն Տէիրմէնճեան-Պետրոսեան, դպիրներ Յակոբ Աղա Ակիկեան եւ Նայլա Հանունիկ, նաեւ տիկ. Լենա Գրտանեան-Պետրոսեան։ Գիւղի բնակիչներէն տիար Պարգեւ Ֆարահ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր հայրական խնամքին եւ ներկայութեան համար, իսկ գիւղի երիտասարդները ողջունեցին ներկաները երգեր երգելով: Խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, որ անդրադարձաւ գիւղին առնչուող ապագայ ծրագիրներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բնակիչներու ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը, յայտնելով իր ուրախութիւնը գիւղի բնակիչներուն բծախնդրութեան եւ գիւղը պահպանելու ի խնդիր անոնց կատարած աշխատանքներուն համար։ Սրբազան Հայրը պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն տեսակէտով զօրավիգ կանգնելու գիւղի հայորդիներուն։
Աւարտին, յիշատակի խմբային լուսանկար մը առնուեցաւ։