Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Քեսապի «Մեղրի» եւ Գարատուրանի «Գետաշէն» մասնաճիւղերու վարչութեանց, Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00ին, Ս.Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիով տեղի ունեցաւ «Հողին Ձայնը» ցուցահանդէս վաճառքը, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս։ Ցուցահանդէսին ներկայ էին առաջնորդ սրբազան հայրը, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Քեսապի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ անդամը եւ զոյգ մասնաճիւղերու խաչուհիները։
Առաջնորդ սրբազան հօր հացի եւ աղի օրհնութենէն ետք, ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Լնդեան։ Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն, խաչուհին ամէն ճիգ կը թափէ աշխոյժ պահելու միութենական կեանքը եւ կեանքի կոչելու Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նպատակը։
Ապա ներկայացուեցաւ «Հողին Ձայնը» խորագիրը կրող կենդանի պատկեր մը, որուն միտք բանին հողին բերքը եւ քեսապցիին աշխատանքը ներկայացնելն էր։ Պատկերը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն, յատկապէս առաջնորդ սրբազան մօտ։
«Հողին Ձայնը» ցուցահանդէսը հարուստ էր Քեսապի հողին արտադրութիւններով, որոնք խաչուհիներու ձեռամբ ու ճաշակով հրամցուած էին, ինչպէս՝ թոնիրի հացը, աւանդական բկեղը, տեսակաւոր չիրեր եւ պահածուներ, անուշեղէնի տեսակներ եւ համեղ ուտեստներ, որոնց կողքին՝ ձեռագործ, ասեղնագործ, տպածոներ եւ օճառներու տեսականի։
Այս առիթով իր հայրական խօսքը ուղղեց սրբազան հայրը, որ նախ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին խորհուրդը պարզելով շնորհաւորեց ներկաները, ապա գնահատեց ՍՕ Խաչի զոյգ մասնաճիւղերու խաչուհիներուն տարած հսկայ աշխատանքը, բարի երթ մաղթելով անոնց։
Աւարտին ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Քեսապի ներկայացուցիչ Սօսի Ադիկեան Քեսապի զոյգ մասնաճիւղերուն կողմէ սրբազան հօր նուիրեց բկեղով, թոնիրի հացով եւ պտուղներով լեցուն խորհրդանշական կողով մը։
Չորս օրեր շարունակուող ցուցահանդէսը ունեցաւ պատկառելի թիւով այցելուներ Հալէպէն եւ զանազան շրջաններէ ժամանած։
Ցուցահանդէսին ներկայացաւ նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան, որ բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ցուցադրուած նիւթերուն նկատմամբ։
Ցուցահանդէսը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Ռատիո Երազին միջոցով։
Քեսապի զոյգ մասնաճիւղերու խաչուհիներու անձնուէր աշխատանքին կողքին, «Հողին Ձայնը» ցուցահանդէս-վաճառքին իր աջակցութիւնը բերաւ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը։
Նարինէ Փանոսեան