Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն կարգին, Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ ուխտերթ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք.Աշգարեանի։ Ուխտերթը կազմակերպուած էր Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի գլխաւորութեամբ։ Ուխտերթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Առաջնորդի օգնական Հոգշ. Տ. Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Մեթր Նորա Գրաճեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ Քեսապի Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան, Քեսապի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ դպրաց դասը, քեսապահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր մեծաթիւ ժողովուրդը: Ուխտերթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները եւ Քեսապի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը։

Ուխտերթը ընթացք առաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Սրբազան Հօր «Տէրունական Աղօթք»-ի արտասանութեամբ: Քեսապի հրաշագեղ բնութեան մէջ, Աստուածամօր պատկերով ուխտաւորները առաջնորդուեցան դէպի Էսկիւրան, ճամբու ընթացքին երգելով մեր սուրբ հայրապետներուն շարականները:

Էսկիւրանի մուտքին, ուխտաւորները դիմաւորուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի Մասնաճիւղի փողերախումբին կողմէ եւ ազգայնաշունչ նուագակցութեամբ եւ ջահերն բռնած առաջնորդուեցան դէպի Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր Սրբազան Հայրը ջրօրհնէք կատարեց, աղօթելով, որ օրհնուած ջուրը բժշկէ ուխտաւորներուն ցաւերն ու հիւանդութիւնները:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Վերափոխումը ինքը կու գայ, ամենազօրաւոր պատգամը, վկայութիւնը տալու մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ կեանքի ընթացքին երբեք չյուսահատինք, որ մեր կեանքի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու դիմաց երբեք չընկճուինք, այլ ընդհակառակը աւելի զօրացած եւ գօտեպնդուած, մեր հայեացքը ուղղենք առ Աստուած»։
Սրբազան Հայրը մեզ հրաւիրեց ինքնագիտակցութեամբ Աստուածամայրը գերագոյն օրինակ ունենալու եւ խորհրդածելու իր կեանքի փուլերուն մասին, որոնք կը յատկանշուին խոնարհութեամբ, հեզութեամբ, անձնուրացութեամբ, ծառայութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ:
Եզրափակելով, ան մաղթեց, որ Ամենակալը ընդունի ուխտաւորներուն աղօթքը եւ մաղթեց, որ Ս. Կոյսը բարեխօսէ մեզի համար: