Շարունակելով իր առաքելութիւնը Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան ՄԱՐԻԱ ՄԱՆՈՒԿ (ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ) այցելեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին եւ ստացաւ անոր օրհնութիւնը։

Վերապատուելին յորդորեց թեկնածուն խանդ ու կորովով ընթանալու եւ իրեն վստահուած նուիրական յանձնառութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարելու։