Այսօր՝ Կիրակի 23 Յունիս 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին այցելեց Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան ՄԱՐԻԱ ՄԱՆՈՒԿ (ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ) եւ ստացաւ սրբազան հօր օրհնութիւնը։
Սրբազան հայրը խրախուսեց թեկնածուն ստանձնելիք ծանր պատասխանատուութեան առնչութեամբ եւ ամենայն բարիք ու յաջողութիւն մաղթեց անոր։