ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը մեծարելով հայ մայրերը, այս տարի եւս արժանաւոր կերպով յիշատակեց Մայրերու տօնը Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 11։00-ին, Դամասկոսի «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ
Մարալ Մելքոնեան, ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներ, օրուան բանախօս Սօսի Յովսէփեան-Քիւրտեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ խաչուհիներ։
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։
Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մայտա Քէշիշեան։ Ան գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ այս հանդիսութիւնը նուիրելու հանգուցեալ ընկերուհի Սառա Մաթոսեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ մօտիկ անցեալին կեանքէն առյաւէտ հեռացած երկու գործուն ընկերուհիներ Նուէր Էքիզեանի եւ Մարո Պաղպուտարեանի, որոնք շատ մօտէն կ’առնչուէին ընկհ.Սառա Մաթոսեանի եւ իր կոթողական գործին՝ պատմական Հայաստանի տարազներու ցուցադրութեան հանդէսին։
Այնուհետեւ հանդիսականները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան պաստառի վրայ ցուցադրուող միութեան գործունէութեան առնչուող նկարներու բացատրութեան։
Օրուան հանդիսավար Սիլվա Ադամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հերթաբար հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։
Արդարեւ փունջ մը բանաստեղծութիւններ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեցին Ռուզան Սեւերեկլեան եւ Մարինա Պուրունսուզեան։
Ապա երաժշտական կատարումով հանդէս եկաւ Ռիթա Աւագեան (դաշնամուր) «Մախմուր Աղջիկ» ստեղծագործութիւնը նուագելով։
Օրուան բանախօս Սօսի Քիւրտեան խորագիր ընտրած էր «Հայ Կնոջ Նոր Մարտահրաւէրները»։
Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ մօր ինքնութիւնը եւ կարեւորութիւնը իր ընտանիքէն ներս՝ իր համեստութեամբ, ազնուութեամբ եւ պայծառատեսութեամբ։
Բնութեան զարթօնքի շրջանին յիշատակուող մայրութեան տօնին անդրադառնալով ան ըսաւ, որ կեանքի մէջ չկայ սէր մը, որ կրնայ իր տեղը զիջիլ մօր սիրոյն։
Հայ օջախի կանգուն պահպանման համար սերունդներ ծնած մեր մայրերը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, գոյատեւած ու պայքարած են, ահաւոր պայմաններու տակ հայ սերունդներ դաստիարակած են, անապատի աւազներու վրայ իրենց զաւակներուն այբուբեն սորվեցուցած են՝ դէմ դնելով այլասիրութեան եւ օտարամոլութեան։
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ մեր մայրերը կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։ Սփիւռքի տարածքին աւելի դժուարացած է հայապահպանման աշխատանքը, եսակեդրոն կեանքն ու մակերեսայնութիւնը, նիւթականը ամէն բանէ վեր դասելու ախտը կը հիւծեն ընտանիքները։
Ան շեշտեց, որ ընտանիքին մէջ հայ մօր դերը կը յատկանշուի իր ջամբած դաստիարակութեամբ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պահպանումով եւ գուրգուրանքով։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ հայ մայրը սփիւռքի պայմաններուն մէջ ապրած է պահպանելով Հայոց լեզուն, սատար կանգնելով հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին։
Բանախօսը եզրափակելով յայտնեց, որ մայրը պէտք է պայքարի եւ գործէ յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման, պատրաստելով հայօրէն շնչող, գործող սերունդ մը, ինչպէս ըրին Սօսէ Մայրիկները, Մարոները, Արցախի մեր քոյրերն ու մայրերը։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Մարալ Գաթըքլեան մեներգեց “«Թռչէի Մտքով Տուն» եւ «Գարուն Էիր»։
Ապա տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւնը։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեան՝ Շրջ.Վարչութեան խօսքը ուղղելու։
Ան շնորհաւորեց ջերմութեան, սիրոյ, անձնազոհութեան եւ ինքնանուիրումի խորհրդանիշ հայ մայրերը, դիտել տալով, որ անոնք հայրենասիրութեան եւ հայրենանուիրումի գեղեցկագոյն իտէալներով դաստիարակած են իրենց զաւակները։
Ապա օրինակ բերաւ Արցախի մեր մայրերը, որոնք մատղաշ երիտասարդներուն սրտին մէջ սերմանած են հայրենասիրութիւնը եւ Հայրենի հողին պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։
Վերջապէս ան մեծարեց Արցախի մայրերը, շեշտելով որ անոնք ոչ միայն հերոսներու մայրեր են, այլեւ հերոս մայրեր, որոնց ափերուն մէջ է մեր հայրենիքի ապագան։
Այնուհետեւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեանի եւ մասնաճիւղի ատենապետուհիին ձեռամբ յուշանուէրներով գնահատուեցան ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի 1992-1993-1994 տարեշրջաններէն անդամագրուած վաստակաւոր հետեւեալ խաչուհիները.
Սիլվա Սերոբեան
Անուշ Քէլէկեան
Մարինա Կտակեան
Մանիա Տէմիրճեան
Անի Կուսիկեան
Ռիթա Իշխանեան
Սալբի Աբէլեան
Ռիթա Ներսէսեան
Մայտա Տէր Մեսրոպեան
Աշխէն Հայրանեան
Սօսի Սէֆէրեան
Մարիա Գաթըքլեան
Սօնա Քիւրտեան
Էլիզապէթ Գարակէօզեան
Սրբուհի Յարութիւնեան։
Հուսկ տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատումը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՕՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի քայլերգներով։