Անցնող շաբթուան ընթացքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հովուական օրհնաբաշխ այցելութիւն տուաւ Գամիշլիի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան:
*Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ շինարարական ընթացքի մէջ եղող Գամիշլիի Ս. Յակոբ նորակառոյց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ կատարուեցաւ Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան վերջին ժամերգութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ գամիշլիահայութիւնը։
Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար աղօթքներ արտասանելով եւ շարականներ երգելով, հաւատացեալները հայցեցին Աստուածամօր բարեխօսութիւնը:
Օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան դիտել տուաւ, որ Մայիս ամսուան ընթացքին ողջ աշխարհը շարականներով, աղօթքներով, սաղմոսներով եւ քարոզներով կը մեծարէ եւ կ’օրհնաբանէ Աստուածամայրը, որ 14 տարեկանին Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւնը իր մէջ ունենալով Աստուծոյ խօսքով դաստիարակուեցաւ եւ արժանի դարձաւ երկնային պատգամաբերին՝ հրեշտակին բերած աւետիսը ստանալու եւ Աստուածամայր դառնալու։ Սրբազան հայրը հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին հետեւելով զգաստութեամբ ապրելու։ Ապա գնահատեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին եւ քահանայ հօր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը Ճեզիրէ շրջանէն ներս ու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց։ Աւարտին, Ս. Յակոբ եկեղեցասիրաց Յանձնախումբի տիկինները հիւրասիրութիւն մատուցեցին։
*Ուրբաթ յետմիջօրէին, սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Գամիշլիի «Խորէնեան» կեդրոն, ուր ՍԵՄ-ի երիտասարդներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով: Սրբազան հայրը ՍԵՄ-ի գրադարանին նուիրեց իր հայերէնի թարգմանած նորատիպ գիրքը «Քրիստոսաբանութիւն Անհատ Հաւատացեալին Ձեռատետրը»։:
Գամիշլիի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Խաչիկ Մելքոնեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ պրն. Ժիրայրին, ինչպէս նաեւ բոլորին անունով շնորհաւորեց սրբազան հայրը Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք կ’ապրինք եւ կը գործենք հայուն, հայ արժէքին, հայապահպանութեան, հայուն նկարագիրին, ազգային եկեղեցական եւ մշակութային բոլոր արժէքներուն համար։ Եկեղեցին, դպրոցը եւ ակումբը մեր իրականութեան մէջ միշտ կողք-կողքի եղած են եւ նոյն նպատակին կը ծառայեն»։ Աւարտին, ՍՕ Խաչի տիկինները հիւրասիրութիւն մատուցեցին։
* Նոյն օրը յետմիջօրէին, սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոն, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեանի եւ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ։ Համազգայինի ընտանիքի ամենափոքր հայուհիները սրբազան հօր ծաղկեփունջով եւ հիւրասիրութեամբ բարի գալուստ մաղթեցին։
Օրուան բեմավար Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան անդամը, որ իր կարգին շնորհաւորեց սրբազան հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով։ Անոր յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։ Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի Փառաբանութիւնը» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց վարչութեան ատենապետ Շուշան Պօղոսեան։ Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան «Կոմիտաս» երաժշտանոցի աշակերտները եւ
«Վանայ» պարախումբը։
Սրբազան հօր ձեռամբ պարգեւատրուեցան յաճախ ելոյթներու մասնակցող համազգայնական փոքրիկները, Շրջանային վարչութեան անդամ Ռիթա Տէր Սարգիսեանին կողմէ յատկացուած նուէրներով։ Ապա վարչութիւնը սրբազան հայրը շնորհաւորեց յուշանուէրով մը, որ կը կրէր Լիզա Շառոյեանի ստորագրութիւնը։
Սրբազան հայրը գնահատեց Համազգայինը՝ գաղութը պայծառացնելու ի խնդիր իր վսեմ առաքելութեան համար եւ միութեան նուիրեց իր թարգմանած նորատիպ գիրքը։
*Նոյն օրը, սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոն, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ՝ աղ ու հացով եւ ծաղկեփունջով։
ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Արտաւազդ Եագուպեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր օրհնաբեր այցելութեան համար։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էր սրբազան հօր անունին սկզբնատառերով բանաստեղծութիւն մը, որ գրած էր Եսթեր Կիւզէլեան։
Միութեան ատենապետը շնորհաւորեց սրբազան հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով եւ գեղեցիկ ժամացոյց մը նուիրեց անոր։
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով յայտնեց, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր
առաքելութեամբ, հայկական իրականութեան մէջ բարեգործական հանգամանքով, կենսական տեղ ունի եւ մարդասիրական աշխատանքին կողքին, հայապահպանումի գործընթացին իր մասնակցութիւնը կը բերէ։ Սրբազան հայրը գնահատեց միութեան անդամները եւ իր թարգմանած նորատիպ գիրքը նուիրեց անոնց։
Նոյն օրը երեկոյեան, սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան կեդրոն, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ Անի Սարգիսեանի եւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութեան եւ սկաուտ խորհուրդին կողմէ։
ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեան բարի գալուստի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր օրհնաբաշխ այցելութեան համար։ Միութեան ատենապետը շնորհաւորեց սրբազան հայրը եւ առաւել ուժ, կորով ու օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով գնահատեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Գամիշլիի մէջ տարած աշխոյժ գործունէութիւնը եւ հայակերտումի վսեմ առաքելութեան ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։
*Շաբաթ, 1 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին, այլ համայնքներու եկեղեցիներու հոգեւորականներու, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին, Ճեզիրէ շրջանի ազգային երեսփոխաններու, Հասիչէի եւ Գամիշլիի թաղական խորհուրդներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան:
Պատարագի ընթացքին, սրբազան հայրը արտի, սերմնցուի, արմտիքի եւ հնձանի օրհնութիւն կատարեց, այնուհետեւ ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա ալ-Ասատի բժշկութեան եւ բարի ապաքինման համար:
Իր հայրական պատգամին մէջ, սրբազան հայրը օրուան աւետարանական հատուածին ընդմէջէն անդրադարձաւ քանի մը գեղեցիկ ճշմարտութիւններու (Յհ 10.22-30): Ան հրաւիրեց ներկաները զգաստ ըլլալու, որպէս հաւատացեալներ իրենց պատկանելիութիւնը ինքնաքննութեան ենթարկելով եւ իրենց ուխտը վերանորոգելով զԱստուած ճանչնալու եւ Աստուած-մարդ ներքին յարաբերութիւնը զօրացնելու:
* Շաբաթ երեկոյեան, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին ու դպրաց դասին գլխաւորութեամբ սրբազան հայրը ուղղուեցաւ փոխանորդարանի շրջափակ, ուր Գամիշլիի հայ համայնքը, գլխաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին, կազմակերպած էր շնորհաւորական ընդունելութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով։
Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ, Արաբ Աւետարանական, Քաղդէացի եւ Ասորի Ուղղափառ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Յարաբերական մարմինի անդամներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Ճեզիրէ շրջանի թաղական խորհուրդները, դպրաց դասերը, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, ՍՕ Խաչի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղի, ՍՕ Խաչի Հասիչէի «Լոռի» մասնաճիւղի, ՍՕ Խաչի Տէրիքի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի, ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութիւնները, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի Վարիչը եւ դաստիարակ կազմը, Ազգ. Եփրատ, Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները եւ հոգաբարձութեան կազմերը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աղքատախնամը եւ եկեղեցասիրաց տիկնանց յանձնախումբը։
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ Ճեզիրէի հայութեան անունով շնորհաւորեց սրբազան հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով։ Ան Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդներուն հետ սրբազան հօր նուիրեց եպիսկոպոսական փիլոն, պանակէ, խաչ եւ ակնակուռ մատանի։
Խօսք առին Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ Արաբ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին սրբազան հօր: Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց հովիւ-հօտ այս գեղեցիկ հանդիպումին համար եւ յայտնեց, որ բոլորին միատեղ աշխատանքով Թեմը առաւել կը պայծառանայ։
Սրբազան հայրը ողջունելով Ճեզիրէի հայութեան ներկայացուցիչները, իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ եւ գնահատեց զիրենք։
Աւարտին, ՍՕ Խաչի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն մատուցուեցաւ։
* Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, սրբազան հօր նախագահութեամբ, Ճեզիրէ շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ տարեկան ուխտագնացութիւն, որ կազմակերպուած էր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին գլխաւորութեամբ, ՍՕԽաչի «Արցախ» Մասնաճիւղին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց տիկիններու յանձնախումբին կողմէ։
Ուխտաւորները նախ այցելեցին Խանիք գիւղը, ուր կը գտնուի քաղդէական համայնքի Ս. Գէորգ ուխտատեղին, ուր սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ Ս. Գէորգի մասունքով անդաստան կատարուեցաւ։
Այնուհետեւ, ուխտաւորները համախմբուեցան Տիգրիս գետի ափին, ուր հայրենասիրական երգեր երգեցին եւ հայկական պարեր պարեցին։ Ապա, ուղղուեցան դէպի Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր Պատարագի բաժիններ երգեցին եւ Աստուածամօր ուղղուած աղօթքներ արտասանեցին, հայցելով անոր բարեխօսութիւնը։
Ուխտաւորները «Փարատայս» ճաշարանէն ներս, սիրոյ սեղանի շուրջ միասնաբար ճաշեցին, որմէ քաղուած հասոյթը նուիրուեցաւ Ս. Յակոբ  եկեղեցւոյ շինութեան։
Սրբազան հայրը ուխտաւորները գօտեպնդեց եւ հրաւիրեց որպէս քրիստոնեաներ աղօթական կեանքով եւ առաքինի վարքով ապրելու, որպէսզի իրենց կեանքի օրերը ողողուին Ամենակալին օրհնութեամբ եւ բարիքներով։