«Մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է՝ հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցող մարդուժը»։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 2024 տարին հռչակելով «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի» կոչ կ’ուղղէ սփիւռքահայութեան լուրջ եւ կազմակերպ աշխատանք տանելու, ապագայ հայ մարդը պարաստելու եւ ներգրաւելու համայնքային կեանքէն ու կառոյցներէն ներս ազգապահպանման աշխատանքներուն հզօրացման ի խնդիր։
Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի 100-ամեակի յանձնախումբը վեհափառ հօր կոչը ի մտի ունենալով, քաջ գիտակցելով քեսապահայութեան կեանքը եւ գոյատեւումը խաթարող մարահրաւէրները, որոշում կայացուց կազմակերպել Զրոյցի Երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Յունիս 2024- ի երեկոյան ժամը 7։00 -ին «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգեշնորհ հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի, ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ շրջանաւարտ սերունդներուն։
Զրոյցը վարեց ուսուցչուհի եւ դաստիարակ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան։
Ճեմարանի քայլերգէն ետք, զրուցավարը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ճեմարանի կարեւոր եւ անփոխարինելի դերակատարութեան քեսապահայութեան կեանքէն ներս։ Ան ըսաւ․ «Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ եղած է մտքի եւ հոգիի դարբնոց։ Շնորհիւ իր հիմնադիրներուն, բարերարներուն, կրթական մշակներուն եւ բոլոր անձնուրաց քեսապահայութեան, ան կրցած է դիմակայել ու յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, տագնապ, տեղահանութիւն եւ զանազան խոչընդոտներ՝ մնալով կանգուն, շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ ազգին նուիրելու գիտակից, զարգացած սերունդներ, իսկական հայու տիպարներ։ Այսօր կը զուգադիպի մեր Քեսապ վերադարձի 10-րդ ամեակը, որ ինքնին փաստ մըն է քեսապցիին աննկուն կամքին եւ անկոտրում հաւատքին իր ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման»։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան ներկայացուց ճեմարանի ներկայ վիճակը, դիմագրաւած նիւթական հսկայ դժուարութիւնները եւ կրած մեծ պատասխանատուութիւնը՝ քեսապցին Քեսապի հողին վրայ պահելու, զարգացնելու, ուսման եւ կրթութեան մակարդակը բծախնդրօրէն բարձրացնելու եւ հրամցնելու իր հարազատ զաւակներուն։ Ան շեշտեց, որ ճեմարանը Քեսապի բաբախող սիրտն է, եւ իւրաքանչիւր քեսապցիի պատասխանատուութիւնն է այս սիրտը առողջ պահել, որպէսզի շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել նոր սերունդները։
Զրոյցը ունեցաւ աշխուժ եւ հետաքրքրական ընթացք։ Արծարծուեցան հետեւեալ հարցերը․
Ինչպէ՞ս կարելի է ճեմարանի ոգին ապրեցնել, նոր շունչ տալ անոր եւ պատրաստել ապագայ մարդուժ։
Կեանքի դժուար պայմանները, տնտեսական տագնապները եւ նիւթական պարտաւորութիւնները կը ստիպեն որ զոհողութեան ոգին տեղի տայ։ Ուստի, նոր սերունդի համալսարանաւարտներ կը մերժեն նուիրուիլ ուսուցչութեան ասպարէզին։ Հետեւաբար մեր կրթական կառոյցները կը տագնապին մասնագէտ ուսուցիչներ ապահովելու դժուարութենէն։
Ինչպէ՞ս կարելի է ներգրաւել երիտասարդ մասնագէտ ուսուցիչներ։
Ի՞նչ են Ճեմարանին ձեռքբերումները եւ դրական ներկայութիւնը Քեսապի կեանքէն ներս։ Ի՞նչ են թերացումները եւ ինչպէ՞ս կարելի է սրբագրել զանոնք։
21-րդ դարու տեղեկատուական յեղափոխութեան ստեղծած մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ ինչպէ՞ս կարելի է կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը իրագործել աշակերտին ունեցած արհեստագիտութեան ոլորտի գիտելիքներուն եւ հետաքրքրութիւններուն համապատասխան որակով։ Ի՞նչ է ուսուցիչին դերը։ Ինչպէ՞ս կարելի է կասեցնել ընկերային ցանցերու ժխտական ազդեցութիւնը եւ վտանգաւոր հետեւանքները աշակերտներուն վրայ։
Ճեմարանը դար մը ամբողջ եղած է մարդակերտումի եւ հայակերտումի ամրոց, մշտավառ լոյսի ջահ եւ բաց պատուհան՝ աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրելով զանազան ասպարէզներու հմուտ քեսապցիներ։ Ինչպէ՞ս կարելի է կամուրջներ ստեղծել սերունդներու միջեւ, խրախուսել զանոնք եւ ամրացնել Ճեմարանին սիւները։
Մելքոնեան կէտ առ կէտ քննարկեց վերոյիշեալ կէտերը շրջանաւարտներուն հետ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ արտայայտեցին իրենց մտքերն ու գաղափարները , փոխանցեցին իրենց կարծիքը եւ առաջարկեցին գործնական լուծումներ, իսկ անոնց իրականացման հնարաւորութիւններուն մասին խորհուրդ տուին Հայր սուրբը, հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը։
Շրջանաւարտները մեծ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին ստանձնելու որեւէ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն՝ ի խնդիր ճեմարանի բարգաւաճման եւ զարգացման, շեշտելով որ իրենք այս տան հարազատ զաւակներն են եւ իրենց ստացած ուսումն ու գիտելիքը ի սպաս պիտի դնեն ճեմարանի պահպանման եւ հզօրացման բոլոր աշխատանքներուն։
Յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջելով, տեսերիզի միջոցով զրոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին ճեմարանաւարտ սերունդներէն կարգ մը երիտասարդներ, որոնք արտայայտեցին իրենց մեծ սէրն ու յարգանքը ճեմարանին ու անոր ընծայած հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան հանդէպ, որ մեծ ներդրում ունեցած է իրենց ուսումնական փայլուն ձեռքբերումներուն մէջ։ Անոնք ճեմարանին մաղթեցին բարի երթ դէպի նոր ամեակներ։
Հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան բարձր գնահատեց զրոյցի նախաձեռնութիւնը, անոր հեզասահ եւ շահաւէտ ընթացքը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն շինիչ քննարկումներն ու քննադատութիւնները։ Ան քաջալերեց երիտասարդ ուժի գործուն ներկայութիւնը Քեսապի կեանքէն ներս, ազգապահպանման նուիրական գործընթացին մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ։
Աւարտին, զրուցավար Նայիրի Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ջերմ եւ անկեղծ արտայայտութիւններուն եւ լուրջ պատրաստակամութեան՝ մասնակցելու ճեմարանի բարելաւման բոլոր աշխատանքներուն։ Ան շեշտեց որ ներկայ համաշխարհային տագնապի ճգնաժամին կողքին շատ աւելի ծանր եւ լուրջ հարց է կրթութեան վիճակը, որ մենք իբրեւ ազգ պէտք է յաղթահարենք եւ ճիշդ որոշումներ գոյացնենք՝ պահելու մեր նոր սերունդները այլասերման ահաւոր վտանգներէն եւ մաղթեց, որ այս հաւաքը հիմնաքարը ըլլայ յառաջիկայ շարունակական զրոյցներու։
Ան եզրափակելով ըսաւ․ «Մենք հպարտ ենք, որ ունինք երիտասարադ, պատասխանատու, գիտակից եւ նորարար սերունդ, որ իր վկայականներով, գիտելիքներով, հողին կապուածութեամբ եւ նուիրուածութեամբ պատրաստ է պահել իր նախնիներուն ժառանգը, կառուցել իր ապագան իր հարազատ հողին վրայ՝ արհամարհելով ամէն տեսակի դժուարութիւն։ Մենք որպէս երէց սերունդ միշտ պատրաստ ենք աջակցելու եւ քաջալերելու ձեր ապագայ բոլոր ծրագիրները»։
Հայր սուրբին օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով հաւաքը հասաւ իր աւարտին։
Նայիրի Կ. Մելքոնեան