ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան որոշումին միանալու եւ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու Հայաստանի քայլը աշխարհաքաղաքական մեծ ներուժ ունի։
Ի հարկէ , ցանկալի պիտի ըլլար, եթէ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան բնաբանին մէջ «միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներու» շարքին նշուէր նաեւ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ իրաւունքը։
Բայց ՀՀ իշխանութիւններուն թոյլ տրուող «քաջութեան սահմանը» այսքանն է։
Ինչեւէ, ՄԱԿ-ի օրակարգին վրայ այս հարցի ներառումն ու նման լուրջ բանաձեւի ընդունումը կը խօսի միջազգային քաղաքական օրակարգին մէջ տեղաշարժերու, բարոյական քաղաքականութեան սկզբունքերու զարթնումին, նաեւ միջազգային կառոյցներու առաքելութիւններու, միջազգային իրաւունքի ու սկզբունքներու կարելի վերադարձին մասին։ Պարզօրէն՝ սա նաեւ դէմք փրկելու գործողութիւն է․․․, որ լրջագոյն աշխարհաքաղաքական ուժ ունի։
Կազզայի Ցեղասպանութիւնը փաստարկուած է եւ անշրջելի, ինչպէս եւ Արցախի ցեղային զտումն ու հայաթափումը։ Բայց սա չի նշանակեր, որ Արցախի հարցը լուծուած է, կամ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» համաձայնագիրը համադարման է։
Բոլորովին հակառակը՝ Պաղեստինի նախադէպը՝ երկու պետութիւններու խաղաղ համակեցութեան բնորդը, նաեւ միջազգայինօրէն բացառիկ հնարաւորութիւն է Հայաստանի համար՝ խօսելու յարձակումի, պատերազմի ճանապարհով հարցի լուծման անընդունելիութեան, միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու ոտնահարման մասին, ինչպէս նաեւ յառաջ տանելու միջազգային իրաւունքով, շարք մը միջազգային համաձայնութեամբ/ Մարդու իրաւունքներու հռչակագիր եւ այլն/ ամրագրուած ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ իրաւունքը։
Պաղեստինը երկար սպասած է այս օրուան, շատ ծանր հատուցելով, բայց չէ հրաժարած պետութիւն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն ունենալու կամքէն։
ՀՀ իշխանութիւնները մեզ ամէնօրեայ դրութեամբ կը նուաստացնեն, պարտութիւնը իբր անխուսափելի իրողութիւն կը փաթթեն մեր վզին, մեր նուաստացումը դարձնելով անշրջելի, պետութեան ապագան՝ հարցականի տակ։
Այս իշխանութիւնը սեփական ձեռքով կեդրոնացած մէկ՝ մարդու արժեհամակարգ է եւ յանձնառութին՝ մեզ պարտադրուող դաւադիր ծրագիր։
Արցախեան հարցը փակուած չէ․․․ որեւէ մէկը անիկա փակելու, մեզ հայրենազրկելու իրաւունք չունի։ Պաղեստինցին հազար տարի սպասած է, չէ յանձնուած․․․։
Լիլիթ Գալստեան