Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին իշխանութիւններուն դէմ քրէական շինծու գործերը շուտով կը փոխանցուին դատարան։ Այս մասին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ ըսած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Կիամրան Ալիեւ։
Անոր համաձայն, 15 մարդու մասին քննչական գործողութիւնները արդէն աւարտած են:
«Անոնց բոլոր իրաւունքները ապահովուած են ներքին օրէնսդրութեան եւ միջազգային համաձայնութիւններուն համապատասխան, անոնք ապահովուած են փաստաբաններով եւ թարգմանիչներով: Այս պահուն մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժողները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն։ Ծանօթացման փուլը աւարտելէ ետք մեղադրական եզրակացութիւնը պիտի ներկայացուի դատարան», ըսած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազը։
Նշենք, որ Պաքուի մէջ ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահուող բռնագրաւուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն՝ Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանի, Արցախի Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի գեներալներ Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը երկարաձգուած էր 4 ամիսով։