Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ Պաղեստինի ինքնիշխան պետութիւնը։ Այս գծով Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Կազզայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը եւ շարունակուող զինուորական հակամարտութիւնը այսօր միջազգային քաղաքական օրակարգի՝ կարգաւորում պահանջող առաջնային հարցերէն մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը մերժէ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիական ենթակառոյցներու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը եւ կը միանայ առանց նախապայմաններու անոնց ազատ արձակման միջազգային հանրութեան պահանջներուն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացած է ՄԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ’ուղղեն անյապաղօրէն հրադադար հաստատելու Կազայի մէջ: Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկեղծօրէն շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու միջեւ տեւական հաշտութեան կայացումով։ Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մենք մշտապէս հանդես եկած ենք պաղեստինեան հարցի խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման օգտին եւ կը պաշտպանենք իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման՝ «երկու պետութիւն» սկզբունքը: Համոզուած ենք, որ ատիկա միակ ճանապարհն է երաշխաւորելու, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլցիները կրնան իրականացնել իրենց օրինական ձգտումները:
Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութինը»: