«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի
առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս
Գալստանեան 19 Յունիսին
հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով: Ան
ներկայացուց ընթացիկ
զարգացումները եւ Շարժումին գալիք
ծրագրերը:

Ասուլիսը սկսաւ աղօթքով։

Բագրատ Սրբազան նախ
շնորհակալութիւն յայտնեց
լրատուամիջոցներուն մինչև օրս իրենց
կատարած ծանր աշխատանքին համար,
որ միայն կը միտէր ճշմարտութիւնը
տարածել։

«Դուք այս ամբողջ
ժամանակահատուածին ոչ միայն
կատարեցիք ձեր մասնագիտական
պատասխանատւութիւնը,
միաժամանակ մարտնչեցիք սուտին դէմ», ըսաւ սրբազանը։

Անդրադառնալով ներկայ
իշխանութիւններու պահուածքին՝
Բագրատ սրբազան յայտնեց. «Այլեւս որեւէ օրինականութիւն չունեցող իշխանութիւնը
արիւնատենչ, արիւնի ձգտող, միայն իր դրամին ու աթոռին իշխանութիւնը
պահպանելուն կոչուած փոքրիկ խումբ մըն է, որ պատրաստ է ուղղուիլ ամէն ինչի, վկայութիւնը՝ 12 Յունիսն է:

Անոր խօսքով, 12 Յունիսէն վերջ իրենք
պայքարի վերադասաւորման փուլ
մտած են. «Պայքարը աւելի ներառական ու
ընդգրկուն պիտի դառնայ:
Բովանդակութիւնը կը մնայ նոյնը:
Շարժումը կը շարունակուի աւելի մեծ
թափով, աւելի կազմակերպչական
վերադասաւորումներով, որուն դուք շատ շուտ ականատեսը, նաեւ մասնակիցը», ըսած է ան:

Սրբազանը աւելցնելով ըսած է, որ այսօր ալ կը շարունակուին հալածանքները,
մարդիկը տուներէն հանելով,
վախցնելով, սարսափեցնելով պարզապէս անոր
համար, որ ճշմարտութեան համար
պայքարի ելած են. «Նաեւ
գործարարներու վրայ կան ճնշումներ:
Բոլոր միջոցներով կը փորձեն վախցնել
մարդիկը, բայց ոչ ոք նահանջելու,
ընկճուելու, պայքարէն հրաժարելու
միտում ունի: Այս ամէն բանի
պատասխանատուն մէկ մարդ է՝
կառավարութեան ղեկին նստող
ստախօսն է եւ ոստիկանութեան գլխուն
գտնուող այն մարդիկ, որոնք այդ
հրամանները իրագործած են կամ արձակած են:
Մենք բոլոր փաստերով հաղորդումներ
կը ներկայացնենք; Այս ընթացքին բերման ենթարկուած, ձերբակալուած ու կալանքի ենթարկուած են միայն քաղաքացիները, ոչ
մէկ ոստիկանի նկատմամբ վարոյթ կայ», ընդգծաղ է Բագրատ Սրբազան:

Ան յայտարարած է, որ իրենց պայքարի
քաղաքական բաղադրիչը կը մնայ նոյնը՝ գործող իշխանութեան հեռացումը, հրաժարեցումը…։