Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ արձագանգելով Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան առնչուող պաշտօնական Պաքուի մեկնաբանութիւններուն։

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Հայաստան-Ֆրանսա ռազմատեքնիկական համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական Պաքուի արձագանգը տարակուսանքի տեղիք կու տայ: Մարտունակ և ժամանակակից զինուորական սարքերով սպառազինուած բանակ ունենալը ինքնիշխան իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքն է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր դրացիներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը: Հայաստան ու Ատրպէյճան բարձրագոյն մակարդակով համաձայնած են, որ կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը և ինքնիշխանութիւնը՝ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է այս սկզբունքին և միջազգայնօրէն ճանչցուած իր 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն դուրս յաւակնութիւններ չունի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս մօտեցումը գործնականապէս ապացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի և Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանի չորս գիւղերու շրջանին սահմանազատում իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղենք վերջ տալու ՀՀ աւելի քան 30 գիւղերու կենսական նշանակութեան տարածքներու բռնագրաւումին:

Ամէն առիթով տարածաշրջանային սրումներ կանխատեսելու Ատրպէյճանի գործելակերպը մտածելու տեղիք կու տայ եւ կու գայ հիմնաւորել շարք մը վերլուծութիւններ, թէ Ատրպէյճան ամէն ինչ ընելու է վիժեցնելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացը, 2024թ. նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 գագաթաժողովէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ նոր յարձակման ձեռնարկելու համար:

Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այս, ինչպէս նաև այն փաստին վրայ, որ 1 ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու պաշտօնական Երևանի առաջարկը պաշտօնական Պաքուի կողմէն մնացած է անարձագանգ»: