Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերությունները կը գտնուին ճգնաժամի մէջ: Այս մասին ռուսական «Տ
ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութեան փոխանցումին համաձայն միջազգային լրատուամիջոցներուն հետ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան։

«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը պայմանագրային-իրաւական յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ, թէեւ այսօր այդ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ չեն, եթէ չըսենք, որ անոնք ամբողջութեամբ կամ էապէս խաթարուած են։

Հակառակ որ մենք շատ հարցումներ ունինք ռուսական կողմին, բայց յարաբերութիւնները պէտք է հասնին համապատասխան պայմանագրային պայմանաւորուածութիւններու մակարդակին եւ բնական հունի մէջ դրուին», յայտնած է Գալստանեան։

Ան ըսած է, որ մեր յարաբերութիւնները կը պահանջեն չափազանց խոր երկխօսութիւն եւ փոխըմբռնում։

«Այս փուլին մէջ մենք յարաբերութիւններու բացակայութեան վիճակի մէջ կը գտնուինք։ Հարցերը շատ են, բայց մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդ բոլոր հարցերը լուծել փոխըմբռնումի ու երկխօսութեան մակարդակով», ըսած է Սրբազանը։