Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի տարածքային պահանջներ իր որեւէ հարեւանէն, եւ՝ Ատրպէյճանէն:

Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։

«ՀՀ Սահմանադրութիւնը եւ անոր փոփոխութիւնները ՀՀ ներքին գործն են, եւ անոր շուրջ 2018 թուականէն սկսեալ մեկնարկած ներհայաստանեան քննարկումներուն միջամտելու պաշտօնական Պաքուի փորձերը կը գնահատենք որպէս կոպիտ միջամտութիւն մեր երկրի ներքին գործերուն:

Միաժամանակ կը համարենք, որ նման խօսոյթը կը խախտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ խաղաղութեան հասնելու անկեղծութիւնը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութեան տակ գտնուող Խաղաղութեան համաձայնագիրը յստակօրէն կ’ամրագրէ, որ կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ տարածքային պահանջներ չունին իրարմէ: Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծով համաձայն դրոյթ կայ նաեւ, որ կողմերէն որեւէ մէկը չի կրնար յղում ընել իր ներքին օրէնսդրութեան Խաղաղութեան համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու համար:
Համաձայնագիրի ստորագրումը եւ ներպետական ընթացակարգերով վաւերացումը վերջնականօրէն կամրագրեն այս սկզբունքները:
Ըստ այդմ կը համարենք, որ կողմերու բոլոր մտահոգութիւնները փարատելու ամենայստակ եւ ուղիղ ճանապարհը Համաձայնագիրի ստորագրումն է, որով երկարաժամկէտ խաղաղութեան էջ պիտի բացուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագիրը բաւականաչափ հասունցած է ստորագրութեան համար, եւ հայկական կողմը կ’արտայայտէ իր պատրաստակամութիւնը կառուցողական եւ գործակցաբար աշխատելու՝ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին անիկա ամբողջացնելու եւ ստորագրելու համար»: