Երկաթուղին Հայաստանի համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն, հետեւաբար 26 Մայիսի ջրհեղեղէն ետք Լոռիի մարզով անցնող երկաթուղագիծի վնասուած հատուածներուն մէջ կ’ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ: Մասնաւորապէս, Ալավերտի-Այրում տեղամասի տարբեր հատուածներուն մէջ կ’աշխատին Հարաւկովկասեան երկաթուղիի Վանաձորի գիծի աշխատակիցներն ու շինարարները, որոնց օգնելու նպատակով միացած են Երեւանի, Սեւանի եւ Կիւմրիի գիծերու գործընկերները:
«Արմէնփրէս»-ը այցելած է մասնաւորապէս Ախթալայի կայարանամերձ տարածք, ուր վնասուած է երկաթուղագիծի մօտ 500 մեթր երկարութեամբ հատուածը, եւ ուր 250 մեթր երկարութեամբ երկաթուղագիծը թեքուած ու փլուզման հետեւանքով գետին մէջ յայտնուած է:
Լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ընթացքին Հարաւկովկասեան երկաթուղագիծի Երեւանի գիծի ուղեմասի պետ Հրաչ Քեւնաքսզեան ըսած է, որ այդտեղ, բարեբախտաբար, պահպանուած է հին երկաթուղագիծը, եւ քանի որ ան չէ օգտագործուած, ուստի կ’իրականացուին տեղափոխման աշխատանքներ, որպէսզի անկէ ետք վերանորոգուի նաեւ հիմնական գիծը: