9 Յունիսը վերջին օրը չէ, բայց առանցքային օր է մեզի համար․ այդ օրը պիտի ըլլայ ուղիղ, վճռական, վերջնական գործողութիւններ իրականացնելու օր։
Այս մասին Վանաձորի մէջ՝ հանրահաւաքի ընթացքին, յայտարարած է Բագրատ Սրբազան։
«9 Յունիսը ոչ թէ վերջին օրն է, բայց ամենակարեւոր առանցքային օրն է մեզի համար։
Անկէ վերջ ամէն օր մենք ընելիք ունինք ամէն օր։ Մինչեւ հասնինք այս մարդոց հեռացումին, մենք շատ կարճ ժամանակ ունինք այլեւս, մէկ ամիս, ուրիշ ճամբայ, ուրիշ ժամանակ չունինք։
Կիրակի օրը, ժամը 18։30 Հանրապետութեան հրապարակ պիտի ըլլանք՝ ուղիղ, վճռական, վերջնական գործողութիւններ իրականացնելու համար, ոչ աջ, ոչ ձախ», յայտարարած է ան։