Սուրիոյ նախագահ Պաշշար շնորհաւորեց Փութինը՝ Ռուսիոյ նախագահ վերընտրուելուն համար։
Նախագահը շնորհաւորագրին մէջ ըսաւ. «Սրտագին շնորհաւորութիւններս կը փոխանցեմ ձեզի, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ ձեր առաքելութեան մէջ»։
Նախագահը աւելցնելով ըսաւ. «Վստահ ենք, որ յառաջիկայ տարիները Ռուսիոյ բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան տարիներ պիտի ըլլան, ձեր ղեկավարութեամբ եւ Ռուսիոյ բարեկամ ժողովուրդին կամքով։ Դուք պիտի յաջողիք ձեր երկրին պաշտպանը հանդիսանալ եւ դիմագրաւել այլազան  մարտահրաւէրներ»։