Սուրիոյ նախագահ, «Պաաս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Պաշշար ալ-Ասատ կուսակցութեան կեդրոնական մարմինին ընդլայնուած ժողովին ընթացքին շեշտեց, որ գաղափարական պատերազմները, ինչպէս՝ նոր նացիսմը, ազատականութիւնը եւ կրօնական ծայրայեղութիւնը, հայրենիքի մը դիմագրաւած ամենավտանգաւոր պատերազմներէն կը համարուին։ Զանոնք կրնանք դիմագրաւել միայն ազգային գաղափարախօսութեամբ։
Նախագահը աւելցուց. «Տնտեսական կամ ահաբեկչական պատերազմին մէջ կարեւոր չէ նպատակը, տնտեսութիւնը քայքայելով ժողովուրդը սովի մատնելը, կամ ահաբեկչութեան միջոցաւ սպանութիւնը ի գործ դնելը։ Նպատակը յուսահատութեան իրավիճակ մը ստեղծելն է, որ ժամանակի ընթացքին գաղափարի կը վերածուի, հետեւաբար ալ իրաւունքներէ զիջելու կ՚առաջնորդէ։
Այս պայմաններուն լոյսին տակ, այստեղ նկատի չեմ ունենար միայն Սուրիան, այլեւ համաշխարհային պայմանները, որոնք կը վկայեն գաղափարական եւ մշակութային պատերազմներու մասին, ուստի գաղափարական կուսակցութիւնները նախկինէն շատ աւելի կարեւոր կը դառնան»։