Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց զոյգ հրամանագրեր, որոնց համաձայն «Պաաս» Կուսակցութեան Կեդրոնական Ղեկավարութեան նախկին անդամները իրենց պաշտօններէն կը դադրին։
Հրամանագրերուն համաձայն, Ֆատէլ Նաճճար Տէր Զօրի նահանգապետութեան պաշտօնէն կը դադրի, իրենց պաշտօնէն կը դադրին նաեւ հետեւեալ նահանգապետները՝ Սաֆուան Սլէյման ապու Սաատա՝ Դամասկոսի արուարձան եւ Մահմուտ Զամպուաա՝ Համա։
Հրամանագիրին համաձայն, դոկտ. Թահա Համատի Խալիֆայի Եփրատ Համալսարանի նախագահութեան պաշտօնին երեք տարուան երկարաձգումը չեղեալ կը համարուի։