Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի ժողովրդային զօրաշարժի խորհուրդի նախագահ Ֆալէհ Ֆայյատին հետ։

Կողմերը խորհրդակցեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ սահմաններու հսկողութեան առնչուող հարցերուն շուրջ։

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ սպանութեան եւ արիւնահեղութեան նպատակով գործող ահաբեկչութիւնը մէկ է ամբողջ աշխարհին մէջ, ապա աւելցուց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութիւնը հովանաւորողները ահաբեկչութեան զօրավիգ են։
Նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ եւ Իրաքի բանակներուն արիութիւնն ու պայքարի ոգին, որոնք ահաբեկչութեան դէմ իրարայաջորդ յաղթանակներու հիմք հանդիսացան։