Սուրիոյ Խորհրդարանը 6 Մայիսի՝ Սուրիոյ Նահատակներու տօնին առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ շեշտեց, որ 6 Մայիսը Սուրիոյ պատմութեան մէջ պատուաբեր փուլ մըն է։
Խորհրդարանը աւելցնելով ըսաւ, որ ներկայ պատերազմը նոյն անցեալի պատերազմն է, թէեւ տարբեր ձեւերով ու անուանումներով։ Աւելի քան 13 տարիէ ի վեր Սուրիան պատերազմի եւ պաշարումի կ՚ենթարկուի համաշխարհային ահաբեկչութեան եւ զայն հովանաւորող կողմերէն, որոնք կը պատկանին նոյն թշնամիին, որ տարիներէ ի վեր կը ձգտի բռնագրաւել Սուրիան ու գերեվարել անոր հզօր ժողովուրդը, սակայն թշմամին իր նպատակին պիտի չհասնի, որովհետեւ այն ժողովուրդը, որ սրբացուցած է նահատակութիւնը եւ արժանապատիւ կեանքը, լաւ կ՚իմանայ իր հողին պաշտպան դառնալը եւ իր հայրենիքը պահպանելը։