Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ի կէս գիշերուան ժամը 1:45-ին, Իսրայէլ Կոլանէն օդային յարձակում մը գործեց Տարաայի արուարձանի զինուորական կեդրոններու վրայ։
Յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան, 8 զինուոր նահատակուեցաւ, իսկ 7 ուրիշներ վիրաւորուեցան։