Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Չեխիոյ Հանրապետութեան դեսպանուհի Եւա Ֆիլիփիի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտին առիթով գերազանց վաստակի սուրիական շքանշան նուիրեց, որպէս գնահատանք անոր նուիրական աշխատանքին եւ սուրիական-չեխական յարաբերութեան զարգացման եւ բարգաւաճման գծով ունեցած դերակատարութեան։
Նախարարութեան յարկէն ներս տեղի ունեցած ողջերթի հանդիսութեան ընթացքին, Ֆիլիփիի շքանշանը անցուց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ։